ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) յարկին տակ Գըրգ Գըրգորեանի նուիրատուութեամբ հաստատուած Dream Fund-ը («Տրիմ Ֆանտ») 100,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած է վարժարանին:
Վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, անձնակազմը, աշակերտներն ու ծնողները իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն այս առատաձեռն նուիրատուութեան համար՝ գնահատելով վարժարանի առաքելութեան նկատմամբ սոյն հիմնադրամին ցուցաբերած վստահութիւնը:
Վարժարանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.sahagmesrobschool.org կայքը, կամ դիմել (626) 798-5020 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.