
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 19 Յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ աւարտած է աշխատանքային խորհրդակցութիւնը, որուն մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար աշխատակիցները եւ արտերկրի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչները:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, Կարէն Միրզոյեան ընդհանուր գիծերուն մէջ ներկայացուցած է կայացած քննարկումները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, վարչապետ Արա Յարութիւնեանի, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի հետ հանդիպման արդիւնքները:
Կարէն Միրզոյեան անդրադարձած է արտաքին քաղաքական ասպարէզին մէջ Արցախի շահերը պաշտպանելու եւ առաջ մղելու ուղղութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ արտաքին գործոց նախարարութեան տրուած յանձնարարականներուն գործադրութեան կարեւորութեան։
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին քաղաքական նախարարութեան 20ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ կայացած է հանդիպում մը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի գլխաւորութեամբ Ստեփանակերտ ժամանած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութեան հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններու գործունէութեան եւ համագործակցութեան տարբեր ոլորտներուն վերաբերող հարցեր: