ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Կիրակի, 30 Յունիս 2013ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբի չորրորդ տարեկան համերգը, ղեկավարութեամբ սիրուած երիտասարդ մայէսթրօ Միքայէլ Աւետիսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յովսէփ Թորոսեանի:
Անկասկած, որ մեր գաղութին համար նորութիւն մը չէ «Կոմիտաս» երգչախումբի անունն ու ներկայութիւնը: Մեր շրջանէն ներս անիկա արդէն իսկ հաստատ ներկայութիւն մը դարձած է: Պէտք է ըսել, որ միեւնոյն ժամանակ մաս կազմելով շրջանիս հին ու նոր երգչախումբերու օղակին՝ «Կոմիտաս»ը նաեւ կը վայելէ մեր մշակութասէր հասարակութեան գնահատանքը, սէրն ու յարգանքը:
Ձեռնարկը կ՛իրականանար միութեան եւ անոր երգչախումբին շուրջ բոլորուած անձնազոհ ազգայիններուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն սրտբաց օժանդակութեամբ: Համերգին, առաջնորդ սրբազան հօր կողքին ներկայ էին հարիւրաւոր հայորդիներ, որոնք հակառակ եղանակի շատ տաք ըլլալուն, խուռներամ եկած էին իրենց դրական ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսանալու «Կոմիտաս» երգչախումբին:
Իսկապէ՛ս որ տօն էր: Սրահը նեղ կը թուէր: Բայց հակառակ այս բոլորին, հանդիսատեսը մնաց կարգապահ ու հետեւող՝ հայ մշակոյթին փոխանցելով իր սէրն ու գուրգուրանքը:
Երկմաս յայտագիրին առաջին բաժինը կը սկսէր ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներով, որոնցմէ ետք խումբը յաջորդաբար հրամցուց Մ. Եկմալեանի «Հայոց աշխարհ», Ա. Աճէմեանի «Իրիկնային Երեւան», Ս. æրբաշեանի «Քնարական», Խ. Աւետիսեանի «Կռունկներ», Ա. Աճէմեանի «Երանի թէ» եւ Սայաթ Նովայի «Յիս քու ղիմեթն» ու «Բլբուլի հիդ» երգերը: Իրենց կարգին՝ Մայքըլ Արապեան գեղեցկօրէն մեներգեց Ս. Սպենդիարեանի «Այ վարդ»ը, իսկ Ալիս Յարութիւնեան՝ Գ. Մ. Ալեմշահի «Իմ երգը»:
Հրամցուած երգերն ու բոլոր մեկնաբանութիւնները սրահէն ներս ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ ու ներկաներու բարձր տրամադրութիւն, եւ ջերմ ու երկար ծափահարութիւններու արժանացան:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով, երգչախումբը հրամցուց Ս. Լուսիկեանի «Նոր Հայաստան», Խ. Աւետիսեանի «Իրիկնային», Թաթուլ Ալթունեանի մշակումներէն՝ «Իջաւ մարմանդ իրիկուն» եւ «Ծաղկասարի երգը», Ռ. Ամիխանեանի «Դու ինչպէս մի աստղ», Ա. Բաբաջանեանի «Մեր սիրելի Երեւան» եւ Է. Յովհաննէսեանի ստեղծագործութիւններէն՝ «Սարդարապատ» եւ «Էրեբունի-Երեւան» երգերը:
Այս բաժինով եւս ելոյթ ունեցան Մայքըլ Արապեան՝ մեներգելով Ա. Սէթեանի «Մարտիկի երգը», եւ Ալիս Յարութիւնեան՝ Գ. Մ. Ալեմշահի «Իղձ»ը:
Բոլոր երգերը սրահէն ներս ստեղծեցին հայրենաշունչ ոգեւորող մթնոլորտ մը:
Վերջաւորութեան, առաջնորդ սրբազան հայրը իր հայրական պատգամով եւ օրհնութիւններով ելոթ ունեցաւ:
Ի տես հրապարակային այս մեծ նախաձեռնութեան, ան նախ վեր առաւ ձեռնարկի կազմակերպիչ միութեան այս իրագործումը, ինչպէս նաեւ՝ թեմէն ներս տասնամեականերէ ի վեր տարած աշխատանքը, ջատագովեց երգչախումբի բոլոր անդամ-անդամուհիներուն զոհողութիւնն ու հայ երգի ու երաժշտութեան հանդէպ անոնց ունեցած գուրգուրանք ու նուիրուածութիւնը, մեծապէս գնահատեց խմբավար մայէսթրօ Միքայէլ Աւետիսեանի կորովը, ձիրքն ու ոգեւորութիւնը ու յարատեւութեան եւ յաջողութեան իր բարի մաղթանքները փոխանցեց բոլորին:
Համերգը վերջ գտաւ երգչախումբի եւ սրահի ընկերակցութեամբ՝ «Կիլիկիա» մաղթերգով, որմէ ետք, Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան վարչութիւնը, առ ի երախտագիտութիւն՝ մէկական ծաղկեփունջով պատուեց երգչախումբի խմբավարն ու դաշնակահարը եւ երկու արուեստագէտ մեներգողները:
Թէեւ երգչախումբը «Կոմիտաս» անունը կը կրէր եւ թէեւ ծրագիրին ընթացքին ոչ մէկ ստեղծագործութիւն հրամցուեցաւ մեր անմահն Կոմիտասէն, սակայն այս իսկ յայտագիրով, ինծի համար անիկա խոստմնալից երեւումով մը հանդէս եկած էր, ինչ որ մեծապէս ջերմացուց ներկաներուն հոգիները:
Միւս կողմէ, սակայն, անկսակած որ ներկայանալի երգչախումբ մըն է «Կոմիտաս»ը, որ յարատեւելու ու զարգանալու բոլոր հիմքերը ունի: Պէտք է գիտնալ, որ երազ եւ ձգտում իմաստ չունին, եթէ անոնց չընկերանան յարատեւութեան կամք ու գործ: Այս բոլորը քարոզներով կամ ճառերով չեն իրականանար: Արդէն շարժումը ստեղծուած է: Կա՛յ եւ կը շնչէ երգչախումբը: Պէտք է սակայն ենթահող պատրաստել, յատկապէս՝ մեր նորահաս սերունդին. սիրաշահիլ, սիրցնել հայ երգն ու երաժշտութիւնը, ու զիրենք եւս ներառնել այս շարքերէն ներս, որովհետեւ երգչախումբն ալ մաս կը կազմէ մեր մշակոյթին. ա՛ն ալ մեր գոյատեւման միջոցներէն մէկն է, հաստատապէ՛ս:
Ուստի, վաղուան մեր կազմակերպ գաղութին համար էական է «Կոմիտաս»ին երիտասարդներով յարատեւելն ու բարգաւաճ մնալը:
Յարատեւութեան եւ նորանոր յաջողութիւններու բարի մաղթանքներս՝ բոլորին: