
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
1.-Ինքնակենսագրութիւն.
Ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան:
Նախնական ուսումս ստացած եմ շրջանի Սեն Ժոզէֆ վարժարանէն ներս:
Փոքր տարիքէս ծնողքիս հետ գաղթած ենք Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն հաստատած Լա Վըրն քաղաքին մէջ:
Երկրորդական ուսումս ստացած եմ նոյն քաղաքի «հայսքուլի»ն մէջ: Ապա՝ համալսարանական ուսումս շարունակած եմ UC Irvine-ի մէջ եւ ստացած՝ BS. իսկ Միզուրի նահանգի Kirksville College of Osteopathic Mrdecine համալսարանէն վկայուած իբրեւ բժիշկ: Շարունակելով մասնագիտութիւնս UC Irvine-էն վկայուած եմ իբրեւ մասնագէտ բժիշկ Family Practice ճիւղին մէջ:
Այս ձեւով ունիմ բժշկական երկու մասնագիտութիւն. մէկը՝ Family Practice, իսկ միւսը՝ Hospice & Palliative (բաւականին ծանր իրավիճակի մէջ գտնուող հիւանդներու մօտէն հսկողութիւն եւ դարմանում):
Աւելի քան տասը տարիներ առաջ հիմը դրած եմ անձնական իմ դարմանատուն-գրասենեակիս, Ուեսթլէյք Վիլեճի մէջ:
Ամուսնացած եմ. ունիմ երեք դուստրեր՝ Թալին, Նայիրի եւ Լոռի ու մէկ մանչ՝ Արմէն Կարօ: Բոլոր զաւակներս ալ կը յաճախեն Ազգային Ֆերահեան վարժարան:
2.- Մասնագիտութիւն.
Ի՞նչ պիտի հասկնանք Family Practice եւ Hospice & Palliative բացատրութիւններով:
Խոստովանիմ, որ ամէն բանէ աւելի սիրած եմ եւ կը սիրեմ մարդոց օգնել եւ իմ կարելի բոլոր միջոցներովս օգտակար դառնալ անոնց:
Այս մէկը անկեղծօրէն ժառանգած եմ ծնողքէս եւ յատկապէս մօրմէս, որ իր ծննդավայր Հալէպէն ի վեր եղած է ուսուցչուհի:
Երկրորդականի գրասեղաններուն առջեւ աշակերտած շրջանիս, մէջս օրէ օր արմատացած էր բժիշկ դառնալու ցանկութիւնը: Այս փափաքս միշտ հետս պտտցուցած էի եւ շնորհիւ յարատեւ ճիգերուս օր մըն ալ զայն իրականութիւն դարձուցի: Ինծի համար յարմարագոյն ասպարէզ մըն էր, որովհետեւ մարդոց հետ անմիջական շփումովս օգտակար պիտի դառնայի իրենց ցաւերուն եւ անշուշտ պիտի փորձէի անպայմանօրէն դարման մը գտնել եւ վերջ տալ անոնց ֆիզիքական տառապանքին: Այս մէկը ինքնին արդէն անձնապէս ներքին բաւարարութիւն պիտի տար:
Աւելին՝ կը հաւատայի նաեւ, որ բժիշկը իբրեւ մարդ ամէն օր նոր բաներ ունէր սորվելիք ու այս ձեւով՝ իր միտքը մշակելիք եւ զարգացնելիք: Ուրեմն բժշկութիւնը ամէնօրեայ ուսումնարան մըն ալ էր: Ատոր համար մինչեւ օրս բժշկութիւնը արհեստ մը ըլլալէ աւելի, մասնագիտացած արուեստ մը նկատած եմ:
Ընտանեկան բժիշկի կոչումիս կողքին, ուզեցի նաեւ ձեռք ձգել եւ մասնագիտանալ շատ ծանր վիճակի կամ պարագաներու մէջ գտնուող հիւանդներու բուժման կամ դարմանման մարզին մէջ: Hospice & Palliative ճիւղը, որ ինծի համար սրտիս խօսող մասնագիտութիւն մըն ալ էր:
Կարիքաւոր հիւանդներու այս բաժինը, հսկայ եւ տարածուն ճիւղ մըն է: Հիւանդը մէկ օրէն միւսը լռիւ պիտի չկարենայ բուժուիլ: Անոր յոյս ներշնչելու եւ դարմանումի ամէն միջոցները կիրարկելու եւ ֆիզիքական վերականգնումը վերադարձնելու բաժինը իսկապէս որ կը կարօտի գերագոյն ճիգի, համբերութեան եւ մանաւանդ գիտական փորձառութեան: Ու այդ մէկը ինծի համար գերագոյն նպատակ է:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ մարդոց կեանքին մէջ պատահարներ կու գան մեծապէս իրենց ազդեցութիւնը ձգել եւ յատկապէս ճակատագրական դեր խաղալ:
Այսպէս, կը յիշեմ ուսանողական տարիներուս, դպրոցիս ծախսերը հոգալու եւ կամ որոշ եկամուտ մը ապահովելու գծով բոլոր ուսանողներուն նման ես ալ կ՛աշխատէի: Այլ խօսքով երեկոները եւ կամ ազատ ժամերուս «փիցցա»ի խանութ մը կ՛աշխատէի, ուր ապսպրաքներ կը բաժնէի տուները:
Օր մը յաճախորդի մը ապսպրած «փիցցա»ն յանձնած միջոցիս չեմ գիտեր ինչ բանէ մղուած ուզեցի իր հետ յանկարծ մտերմօրէն խօսիլ: Բարի բախտէս երեւան եկաւ, որ ինքն ալ Քրիս Չալեան անունով հայ մըն էր Iowa նահանգէն եւ բժշկութեան Քալիֆորնիոյ նահանգային քննութեան պատրաստութեան մէջ կը գտնուէր: Բարեկամացանք: Իր հայրն ալ երկրէն գաղթած հայ մը էր եւ Iowa-ի մէջ անուանի բժիշկ եղած էր: Չալեան լսելով իմ տեսակէտներս ու տեսնելով հետաքրքրութիւնս այս ասպարէզէն ներս, զիս քաջալերեց: Մօտէն հետեւելով իր թելադրանքներուն եւ ցուցմունքներուն ու մանաւանդ քաջալերանքին ընտրեցի իմ մասնագիտութիւններս: Ու երբ ինք Քալիֆորնիոյ մէջ իր դարմանատունը ունեցաւ, ինծի օգնեց որ ես ալ պէտք եղած փորձառութիւնը ձեռք ձգեմ: Իսկապէս երախտապարտ եմ իր ծառայութեան եւ մանաւանդ մարդասիրութեան համար:
Միւս կողմէ իբրեւ մասնագէտ բժիշկ կը հաւատամ, որ ինծի կ՛իյնայ առաջին իսկ հերթին մօտէն հետեւիլ հիւանդին: Լաւ ճանչնալ զինք եւ իր տառապալի հիւանդութիւնը ու կատարելով ճշգրիտ ախտաճանաչումը դարմանումի արագ եւ ազդու ճամբաներ որոնել:
Չեմ գոհացած եւ մինչեւ հիմա չեմ գոհանար միայն հիւանդի դարմանումով մտահոգուելէ եւ զբաղուելէ, այլ ինծի համար շատ էական է նաեւ հիւանդին ընտանիքի անդամներուն իրավիճակին ծանօթանալ եւ ապա հիւանդութեան ընդհանուր սկզբունքները բացատրելով, լուսաբանելով, որպէսզի դարմանումը ըլլայ կատարեալ ու ամբողջական:
3.- Ո՞վ է բժիշկը.
Բժշկութիւնը նուիրական գործ մըն է: Ոչ մէկ կասկած: Միշտ հեռու մնալով միայն նիւթական ապահովելու կամ շուտով «հարստանալու» ախտէն, ան ոչ միայն ասպարէզ մը կամ աւելի ճիշդ մասնագիտութիւն մըն է, այլ ունի մեծ առաքելութիւն մը, որ կը միտի հիւանդ մարդուն շուտափոյթ բուժման ձեւերու որոնումն ու անոր առողջութեան վերականգնումը:
Կը հաւատամ նաեւ, որ բժիշկը ունի բազմակողմանի ծառայութիւններ, որոնք կը կազմեն իր վաստակին մեծագոյն մասը:
Հիւանդն ու իր բժիշկը պէտք է իրարու հարազատներ զգան: Բժիշկը միշտ հիւանդին իսկական պաշտպանն ու փրկիչը պէտք է մնայ, բաւարար ժամանակ տրամադրելով անոր քննութեան եւ անոր ցաւերուն ծանօթացման ու բուժման:
Ինծի համար բժիշկին առաջնակարգ գործն ու աշխատանքը ի սէր մարդկութեան կեանք մը փրկելն է, զայն առողջացնելով եւ բուժելով: Այս մէկը միշտ ըսած ու կրկնած եմ, մօտս իրենց փորձառութիւնը ձեռք ձգելու եկող բոլոր նորեկ բժիշկներուն, մանաւանդ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն:
Դիւրին բան չէ բժիշկ ըլլալը. գիտութեան եւ փորձառութեան կողքին պէտք է կարեկցութիւն ունենալ, յարատեւօրէն հետեւելով հիւանդին առողջական վիճակին եւ հիւանդը գոհունակ սրտով քննութեան գրասենեակէն դուրս բերել:
Իմ կարծիքով արդէն հիւանդը իր մասին խօսած ատեն դրսեւորած կ՛ըլլայ նաեւ իր հիւանդութիւնը, ցաւը, անհանգստութիւնը, եւայլն: Բժիշկին կ՛իյնայ այս ստացած բոլոր տուեալները իրարու մօտ բերելով ու հիմնուելով իր փորձառութեան վրայ, տալ ճշգրիտ դարմանը կամ դեղը:
Բժիշկին խօսքը պէտք է նաեւ խորք եւ իմաստ ունենայ: Ան պէտք չէ յուսահատիլ գիտնայ, որպէսզի հիւանդն ալ հոգեպէս համոզուած ըլլայ իր բուժմամբ:
Նիւթականէն առաջ եւ վեր անշահախնդրութիւնը մեծ դեր կը խաղայ մեր ասպարէզին մէջ: Ուստի իրմէ կը պահանջուի ըլլալ արդարամիտ, բծախնդիր ու խղճամիտ:
Ինծի համար բժիշկ կը նշանակէ ըլլալ համոզիչ խօսք ունեցող եւ համբերատար մարդ, որուն գլխաւոր եւ առաջնահերթ առաքելութիւնն է հիւանդին առաողջութեան վերականգնումը: Վերջ ի վերջոյ կը հաւատամ, որ բժշկութիւնը կոչում ալ է:
4.- Ո՞վ է տոքթ. Ռազմիկ Քիւրումեանը մեր գաղութէն ներս.
Բոլոր առիթներով կրկնած եմ եւ հպարտօրէն ըսած, թէ իմ կեանքիս մէջ մեծ ու յստակ եղած է ծնողքիս դերն ու ազդեցութիւնը: Անոնց մարդասիրական զգացումները, հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը դարձուցած եմ կեանքիս ուղին:
Սիրած եմ ազգս: Հպարտ զգացած՝ հայ ըլլալուս եւ իմ կարգիս, հակառակ անոր որ պայմաններու բերումով հայկական վարժարան չեմ կրցած յաճախել, իմ բոլոր զաւակներս ալ առաջնորդած եմ ազգային վարժարան:
Եղած եմ ու կը մնամ իբրեւ համեստ հայ ու լուռ քաջալերող մը, բոլոր այն ծրագիրներուն եւ մշակութային ձեռնարկներուն, որոնք հայութեան դիմագիծի պահպանման կը ձգտին:
Իմ ապրած շրջանէս ներս՝ Թաուզընտ Օքս, արդէն ստանձնած եմ մեր եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի պարտականութիւնները: Եղած եմ նաեւ Սան Ֆերնանտօ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբէն ներս գործօն անդամ:
Միշտ խանդավառ եմ սփիւռքեան եւ Հայրենիքի անկախացումէն ետք ալ հայրենի ստեղծագործ աշխատանքներով:
Հաւանաբար այս մէկը իմ մասնագիտութենէս կու գայ: Բժիշկը միշտ լաւատես պէտք է ըլլայ, որպէսզի իր հիւանդն ալ իրմէ վարակուի:
Ներկայիս Ազգային Ֆերահեան վարժարանի «Սքուլ պորտ»ի (School Board) անդամ եմ: Մօտէն կր հետեւիմ վարժարանի առաքելութեան եւ մանաւանդ աշակերտներու առողջապահական հարցերուն:
Իբրեւ հայ մարդ եւ հայ բժիշկ նաեւ կը կարծեմ, որ պէտք է ըլլանք յաւիտենական ուսանող: Ընթերցումը կը զարգացնէ մեր միտքը: Կը հաւատամ, որ լեզուն շատ կարեւոր է մեր գոյատեւման համար: Ուստի լեզուի կողքին զաւակներէս սկսեալ ընդհանուր շրջապատիս կը թելադրեմ միշտ հպարտ զգալ հայութեամբ, անոր դարաւոր մշակոյթով եւ անոր պատմութեամբ:
Իբրեւ հայ բժիշկ եւ որոշ չափով մեր գաղութէն ներս իր կարելիին չափ ներդրում բերող անհատ եւ մանաւանդ հայրենի եւ Սփիւռքի հայութեան շահերով մտահոգ հայ, փափաքս է, որ մեր երիտասարդները միշտ դրական մասնակցութիւն ունենան մեր գաղութի բոլոր աշխատանքներուն: Պէտք է ապահովել անոնց ներկայութիւնը մեր յանձնախումբներէն ներս, մեր ձեռնարկներուն եւ մեր ամէն տեսակի նախաձեռնութիւններուն մէջ: Պէտք է առիթ տալ երիտասարդներուն, որ իրենց ներդրումը բերեն գաղութի ամէն տեսակի ծրագրումներուն եւ անոնց յաջողութեան գործընթացներուն մէջ:
Որովհետեւ ինծի համար, ինչպէս նաեւ իրենց ազգութեամբ մտահոգ բոլոր մարդոց մօտ՝ երիտասարդութիւնն է ազգի մը ապագան: Եւ այս լօզունքը պէտք է վարակիչ դարձնել:
Dr. Razmig Krumian
Board Certified Family Practice
32144 Agoura Road # 218
Westlake Village, CA 91361
Phone: 818-889-9230