Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ սուրիական տագնապը «միջազգային հրատապ տագնապ» մըն է, «որ տարածաշրջանին եւ մեր ապահովութեան հետզհետէ աճող վտանգ մը կը ներկայացնէ», ինչպէս նաեւ «արաբական ըմբոստութեանց մէջ ամէնէն բարդ տագնապը կը հանդիսանայ»։
Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը կարելի չէ անտեսել, որովհետեւ տարածաշրջանին եւ անկէ դուրս եղող շրջաններուն «մեծ վտանգ» կը ներկայացնէ։
«Իր ներկայ ընթացքին մէջ անիկա այնպիսի տագնապ մըն է, որ յաւելեալ զոհերու, տարապանքի, մարդկային աղէտի, ծայրայեղութեան աճի եւ դրացի երկիրներու կայունութեան քայքայման պիտի առաջնորդէ։ Ուշ կամ կանուխ, միակ լուծումը քաղաքական լուծում մըն է, որուն հիմամբ փոխանցման կառավարութեան շուրջ համաձայնութիւն մը կը գոյանայ, խաղաղութեան հաստատման համար փոխզիջում կը կատարուի եւ իւրաքանչիւր սուրիացիի իրաւունքները կը հաստատուի»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.