
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Ադրբեջանի Հանրապետութիւնն աղմկոտ զօրահանդէսներ անցկացնելիս պէտք է յիշի, որ իր բանակի օրը՝ Յունիսի 26ը, յիշարժան է Մարտակերտում կրած խայտառակ պարտութեամբ»: Դիմատետրի իր էջին վրայ այս արձանագրութիւնը տեղադրած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը: «Ադրբեջանը Յունիսի 26ին զօրահանդէս անելուց եւ այդ զօրահանդէսում տեխնիկայի տեսականիով մեզ վախեցնելուց առաջ թող յիշի, որ իրենց բանակի օրը, իրենց բանակի փառահեղ պարտութիւններից մէկի օրն է: 1993թ. այս օրն ազատագրուեց Մարտակերտ քաղաքը, ընդ որում դա մի փայլուն ռազմագործողութիւն էր: Աշխարհում դեռ ոչ մի երկիր զէնքի քանակով, առաւել եւս տեսականիով պատերազմներում չի յաղթել», գրած է ան:
Յիշեցնենք, որ 1993ի Յունիս 26-27ին հայկական ստորաբաժանումները ազատագրեցին գրեթէ մէկ տարի ատրպէյճանական հրոսակախումբերու ճիրաններուն մէջ գտնուող Մարտակերտ քաղաքը: Արցախի Հանրապետութեան հիւսիսային շրջանին մէջ հայկական զօրքերուն ունեցած յաջողութիւնը շրջադարձային ազդեցութիւն ունեցաւ մարտական գործողութիւններու հետագայ ընթացքին վրայ: