
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 24 Յունիսին ընդունած է սպանացի գրող Կոնսալես Կուարչը, որուն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստագրական երեք վէպերու ռուսերէն հրատարակութեան շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ քանի մը օր առաջ, Երեւանի մէջ:
Հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան՝ ողջունելով սպանացի գրողին Հայաստան տուած այցելութիւնը, երախտագիտութիւն յայտնած է անոր, որովհետեւ Կոնսալես Կուարչ իր գրական գործունէութեան ընթացքին անաչառ կերպով անդրադարձած է հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ անցեալ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած ոճրագործութիւնը. նախագահը դիտել տուած է, որ կարեւոր երեւոյթ է այն, որ Կուարչի գիրքերը սպաներէնի կողքին թարգմանուած են նաեւ այլ լեզուներու: «Հայ ժողովրդի համար դա իսկական բարեկամութեան, սիրոյ եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործում աջակցութեան օրինակ է, որը չափազանց գնահատելի է», յայտնած է ան: Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը վստահաբար նոյնպիսի զգացումներ կը տածէ Կոնսալես Կուարչի նկատմամբ: Բարձր գնահատելով գրողին գործունէութիւնը՝ նախագահը զայն պարգեւատրած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով եւ նշած է, որ Կոնսալես Կուարչի գրական աշխատանքը մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու փոխադարձ հարստացման իսկական օրինակ է:
Սպանացի գրողը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ բարձր պարգեւին ու ջերմ խօսքերուն համար, եւ ընդգծած է, որ հպարտութեամբ ու պատիւով կը կրէ մետալը՝ փորձելով կեանքին հետագայ տարիներուն եւս արժանի ըլլալ այդ մեծ պարգեւին:
Հանդիպման աւարտին Հանրապետութեան նախագահը առողջութիւն եւ ստեղծագործական նորանոր յաջողութիւններ մաղթած է Կոնսալես Կուարչին՝ նշելով, որ Հայաստանը մնայուն կերպով պատրաստ է իր բարեկամներուն կողքին կանգնելու, եւ ուրախ կ՛ըլլայ զայն կրկին Հայաստանի մէջ հիւրընկալելով։