ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 14 Յուլիսին կայանալիք Կոտայքի մարզի Պռոշեան եւ Շիրակի մարզի Հովիտ համայնքներու ղեկավարներու արտակարգ ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են համապատասխանաբար 5 եւ 2 թեկնածու: Այս մասին «Նիուզ»ին յայտնած են Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովէն:
Պռոշեանի գիւղապետի պաշտօնին համար ինքնառաջադրուած են 5 թեկնածուներ՝ անկուսակցական, Հայաստանի նախագիծերու պետական արտագերատեսչական փորձաքննութիւն ընկերութեան գլխաւոր մասնագէտ Ալեքսան Ալեքսանեանը, «Դելիկտ» ընկերութեան անկուսակցական տնօրէն Ցոլակ Գրիգորեանը, Պռոշեանի գիւղապետարանի կրտսեր մասնագէտ Գալուստ Մկրտչեանը, ՀՅԴ անդամ, Պռոշեանի գիւղապետարանի համայնքի ղեկավարի տեղակալ Վովա Սահակեանը եւ ՀՀԿի անդամ, նախորդ ընտրութիւններուն սպանուած գիւղապետին մրցակից Արթուր Մուրադեանը:
Շիրակի մարզի Հովիտ համայնքի ղեկավարի ընտրութիւններուն առաջադրուած երկու թեկնածուներն են անկուսակցական, անասնաբոյժ Ռազմիկ Յակոբեանը եւ ՀՀԿի կողմէ առաջադրուած Աւետիք Սերոպեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.