ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ Երեքշաբթի, Յունիս 18ին կայացած երկկողմանի հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են միջազգային իրադարձութեանց առնչուող շարք մը հարցեր, մասնաւորաբար՝ Իրանի մէջ կատարուած նախագահական ընտրութիւնները: Փութին յոյս յայտնած է, որ Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանի պիտի նպաստէ հիւլէական ծրագիրին հարցով ստեղծուած տագնապի լուծման, իսկ Օպամա նշած է, որ իր երկիրը նոյնպէս դրական կը գնահատէ ընտրութիւնները՝ յոյս ունենալով, որ նոր նախագահը կը վերսկսի խնդիրի լուծման շուրջ բանակցութիւններուն:
Նախագահները նաեւ ընդգծած են, թէ տարբեր կարծիքներ ունին Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ, սակայն կ՛ուզեն վերջ դնել բռնարարքներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.