
Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանը հրատարակեց իր վերջին մանկապատանեկան գիրքը՝ «Լորիին եւ Նարեկին Ամառնային Ճամբարը»։ Ան ծնած է Լիբանան եւ 1986ին փոխադրուած է Ամերիկա։ 1989էն ի վեր կ՛ապրի Կլենտէյլ:
1. Ե՞րբ սկսած էք գրելու եւ հրատարակելու։
Փոքր տարիքէս սիրած եմ հայերէն լեզուն եւ գրականութիւնը։ Տարած եմ գրական գործեր, սակայն առաջին հրատարակութիւնս ձեռք բերի 14 տարի առաջ, երբ լոյս տեսաւ առաջին մանկական գիրքս՝ «Լորիկը ու Ծիլիկը» վերնագիրով։
2. Ինչպէ՞ս կը ստանաք ներշնչում՝ ստեղծագործելէ առաջ։
Կրնամ ներշնչուիլ ամէնէն չնչին դէպքէն մինչեւ ամէնէն դաժան դէպքով։ Իմ կարծիքով՝ ներշնչումը ամէնէն մղիչ ուժն է ստեղծագործութեան։
3. Կրնա՞ք օրինակներ տալ այդ դէպքերէն։
Իմ ամէնէն մեծ ներշնչումս եղած է զաւակներուս ծնունդը եւ իրենց ապրումները։ Ճիշդ այդ պատճառով է, որ գիրքերուս տիպարները միշտ եղած էն զաւակներս. փաստօրէն, հրատարակութեանս շարքը կը կոչուի «Լորիին եւ Նարեկին շարքը»։ Աւելցնեմ որ, երբ առաջին անգամ փափաքեցայ հայերէն գիրքեր գնել առաջին զաւակիս համար, տեսայ, թէ որքա՛ն սակաւաթիւ էին նոր հայերէն մանկական գիրքերը։ Ուստի, որոշեցի գրել մատղաշ սերունդին համար։ Մօրս մահը եւ իր բացակայութիւնը նաեւ ցաւալի ներշնչում մըն էր, ինչպէս նաեւ՝ անտուն անձի մը հետ հանդիպումս կամ պատանեկան առաջին սիրոյ զգացումները։ Անսպասելի պահ մը կրնայ ներշնչել զիս։
4. Քանի՞ գիրքեր հրատարակած էք մինչեւ այսօր:
Հրատարակած եմ 8 գիրքեր։ Առաջին գիրքս լոյս տեսաւ 1999ին։ Վերջինը՝ Փետրուար 2013ին։
5. Կարելի՞ է հակիրճ ձեւով ներկայացնել իւրաքանչիւր գիրքի նիւթն ու պատգամը։
«Լորիկը ու Ծիլիկը» կը խօսի բնութեան եւ գուրգուրանքի մասին. «Նարեկին Պալատը» կը ներկայացնէ 7 աշխարհամասերը եւ կ՛արժեւորէ ընտանեկան տաքուկ բոյնը. «Նարեկին Երազը» կը խօսի մոլորակներու մասին եւ կ՛ընդգծէ ծառայասիրութինը. «Լորիկը ու Կենդանիները» կը խօսի կենդանիներու տարբեր կարողութիւններուն մասին. «Լորին եւ Նարեկը Հայաստանի Մէջ»ը ազգային շունչով կը ներկայացնէ պտոյտ մը դէպի Հայաստան. «Նամակներ Տիգրան Մեծին»ը կը խօսի հայոց պատմութեան մէջ տարբեր անկիւնադարձերու մասին, իսկ «Լորիկին եւ Նարեկին Ամառնային Ճամբարը» կը ներկայացնէ նշանաւոր հայեր՝ պատմութեան մը ընդմէջէն, որ տեղի կ՛ունենայ ամառնային ճամբարի մը ընթացքին, յատկապէս՝ AYF-ի ճամբարի. ի վերջոյ, «Վարդենին ու Եղեւնին» առակ մըն է, որ կը քննադատէ ինքնահաւանութիւնը։
6. Որո՞նք են գիրքերուդ ընթերցողները։
Գիրքերս մեծամասնութեամբ կը կարդան հայկական դպրոց յաճախող աշակերտները։ Ես կը գրեմ իրենց տարիքին համապատասխանող նիւթեր, իրենց լեզուին մակարդակով։ Անհրաժեշտ է, որ լեզուի մակարդակն ու նիւթը իրարու համապատասխանեն։
7. Ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները գրականութեան ասպարէզին մէջ:
Մինչեւ այն ատեն, որ դէպքեր կը ներշնչեն, պիտի ստեղծագործեմ։ Երբ դադրիմ ստեղծագործելէ, կը դադրիմ ապրելէ։ Այժմ կ՛աշխատիմ վերջին հրատարակութիւնս ելեկտրոնային գիրքի վերածելու, որպէսզի նոր սերունդը զայն կարդայ նաեւ համակարգիչի վրայ։
8. Ինչպիսի՞ խոչընդոտներու հանդիպած էք ձեր ստեղծագործական ճանապարհի ընթացքին։
Պէտք է ըսել, որ խոչընդոտներու կողքին ականատես եղած եմ նաեւ մեծ գնահատանքներու։ Յատկապէս՝ քաջալերանք ստացած եմ ընտանիքէս եւ քիչ թիւով հայերէնի ուսուցչուհինէրէ, ո-րոնց երախտապարտ եմ եւ միշտ շնորհակալ։ Շնորհակալ եմ նաեւ Համազգայինի Արեւմտեան Շրջանային վարչութեան «Ռիթա Տէմիրճեան Ֆոնտ»ին, որ մասամբ հովանաւորեց իմ վերջին հրատարակութիւնը։ Միւս կողմէ, սակայն, նախանձը անբաժան եղած է եւ գտնուած են անձեր, որոնք փորձած են անտեսել եւ վհատեցնել աշխատանքս։
9. Միայն մանուկներու համա՞ր գրած էք։
Ո՛չ, գրած եմ նաեւ շատ տխուր զգացումներու մասին, ինչպէս նախապէս յիշեցի՝ մօրս մահուան տխուր առիթով, եւ այլ ուրախ կամ կրքոտ զգացումներու մասին։
10. Նախքան մեր հարցազրոյցը փակելը, ունի՞ք որեւէ պատգամ։
Իմ ամէնէն մեծ խնդրանքս՝ ծնողներէն աւելի՝ կ՛ուզեմ ուղղել հայկական դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն։ Անոնք ջահակիրներն են մեզի նմաններուն կրակը տարածելու։ Եթէ հայ ուսուցիչը չքաջալերէ հայ գրողը, հայերէն լեզուն եւ հայ գրականութիւնը կը մեռնի։