ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ամէն մարդ իր ինքնութիւնը կ՛իրագործէ: Ասիկա տրամաբանական եզրայանգում է, բնութիւնը դիտելէ անմիջապէս ետք կատարուած: Յատկապէս կենդանական աշխարհի նկատմամբ սէր ունեցող անձեր, որոնց համար հեռատեսիլի ամէնէն հաճելի կայանները կենդանական կեանքը ներկայացնող ծրագիրներ ունեցողներն են, գիտեն թէ իւրաքանչիւր անասուն, աստուածատուր բնազդով, որ բնութիւնը կ՛իրագործէ:
Ի տարբերութիւն կենդանական աշխարհի բնազդային սահմանափակումներուն, մարդ էակը իր բնութիւնը ճանչնալով հանդերձ, փորձեր կը կատարէ փոփոխութիւններ յառաջացնելու իր կեանքին մէջ: Առաջին իսկ ակնարկով, մարդուն կողմէ այս մօտեցումը, դրական քայլ կը նկատուի: Որովհետեւ, հակառակ մարդու ազատ կամքին դէպի վատը ու չարը թեքուելու բնական ընթացքին, քիչ չէ թիւը նաեւ անոնց, որոնց տրամադրութիւնը միշտ դէպի բարին ու լաւն է: Այսպէս, երբ ըսուի թէ մարդ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ բերելու փորձեր կը կատարէ, բարեմիտ մարդիկ այդ կ՛իմանան իբրեւ «դրական փոփոխութիւններ»: Իսկ չարամիտ մարդիկ ատոր մէջ կը տեսնեն հարցերու բարդացումը, փոխյարաբերութեանց վատթարացումը եւ այլ ժխտական երեւոյթներ:
Այս գրութեամբ որոշ երեւոյթներու պիտի անդրադառնանք, սակայն սկիզբէն իսկ ընթերցողը լուսաբանելու համար ըսենք, թէ՝ մարդու կողմէ կատարուած այդ «փոփոխութիւններ»ու ճիգերը ընդհանրապէս ամլութեան կը մատնուին ու փորձի սահմանները չեն անցնիր: Որովհետեւ, ինչպէս վաղուց հաստատուած է, «մարդը ընկերային կենդանի մըն է», որ եթէ բնազդով չի՛ գործեր, սակայն իր բնութիւնը եւ ստացած դաստիարակութիւնն ու կազմաւորումը մեծ ազդեցութիւն կը գործեն իր վրայ: Ուստի, ինչպէս միշտ կը յիշեցուի, մարդը պէտք է կրթել իր մանուկ հասակէն սկսեալ, այլապէս վերջը անիմաստ կ՛ըլլայ սրբագրութիւններ կատարելը: Դարձեալ հաստաբուն, սակայն ծուռ ծառի օրինակը կը տրուի, ըսելով, թէ՝ աճած ծառը ուղղելու պարագային, զանիկա կոտրելու հաւանականութիւն ալ ի յայտ կու գայ:
Նեղի մատնուելու կամ դժուարութեան հանդիպելու պարագային առհասարակ, մարդ էակը իր իսկական դիմագիծը կը յայտնէ: Յանկարծակիի գալու, կամ յարձակման ենթարկուելու պարագային, կրնայ ան հակայարձակողականի անցնիլ, հարուածել, հակառակիլ կամ վնասել, համաձայն իր դիմադրելու կարողութեան: Մէկ խօսքով, ինչքան ալ մարդ կեղծէ կամ տարբեր դիմակներ օգտագործէ, նեղի մատնուած միջոցին այդ ամէնը մէկդի թողած, իր բուն ինքնութեամբ կը յայտնուի ամէնուն դիմաց:
Քաղաքավարութեան աստիճանները կը տարբերին երկրէ երկիր, ու համաձայն տարբեր մշակոյթներու՝ տարբեր երանգաւորում կը ստանան: Երբեմն շատ փափկանկատ ու նուրբ քաղաքավարութիւն զարգացուցած ժողովուրդներ չեն կրնար հանդուրժել կիսավայրենի ու կոպիտ ազգերու, մերժելով ամէն յարաբերութիւն տուեալ ժողովուրդին հետ: Սակայն, աշխարհի բոլոր ժողովուրդներն ալ, վայրենին, կիսավայրենին, քաղաքակիրթը ու շատ քաղաքավարը, միշտ փորձաքարի պէտք է հանդիպին, իրենց իսկութիւնը յայտնելու համար:
Երբեմն շատ քաղաքակիրթ նկատուած երկիրներու մէջ երբ ցուցարարներ փողոց նետուին, ամէնէն զարգացած բժիշկն անգամ յանկարծ փայտէ գաւազան առած կը սկսի աջ ու ձախ հարուածելու: Քաղաքակիրթ երկրի մէջ չէ՞ր ծնած ան: Այո՛: Լաւ դաստիարակութիւն չէ՞ր ստացած ան: Այո՛: Համալսարանական կրթութեան չէ՞ր հետեւած ան: Այո՛: Հապա ուրկէ՞ այդ վայրագութիւնը իր մէջ, կամ ինչպէ՞ս յանկարծ այդ բորբոքած կատաղութիւնը, որ նոյնիսկ կը թոյլատրէ անխնայ յարձակիլ ուրիշներու պատկանող տուներու եւ վաճառատուներու վրայ, կոտորելով մարդ թէ առարկայ, դուռ թէ պատուհան, պատ թէ ցուցափեղկ, սեփական ինքնաշարժ թէ պետական հանրակառք…
Ուրեմն, իւրաքանչիւր մարդու մէջ կայ թաքնուած մէկ այլ մարդ, որ ընդհանրապէս քունի մէջ է, սակայն ահազանգի պահուն սթափ կրնայ արթննալ, ու առանց ականջ տալու բուն մարդու խօսքին, իր ուզածը կատարել: Սա մարդու ինքնութիւնն է, իր հարկ եղած պարագային պէտք է իրագործէ իր էութիւնը:
Կ՛ըսուի թէ անօթի ագռաւը տեսաւ սպիտակաթոյր աղաւնիներ, որոնք իրենց տիրոջ կողմէ նետուած հացահատիկներով կը կերակրուէին: Իսկ ինք, որ ամբողջ օրը փորձած էր փորը լեցնել նոյնիսկ աղբանոցներու շուրջ թառելով, չէր յաջողած: Ուստի, կ՛երթայ ու քիչ անդին, փուռին դիմաց պատռուած ալիւրի տոպրակին մէջ կը մտնէ ու մէկ երկու անգամ տապլտկելով լրիւ սպիտակ կը դառնայ: Ալրոտած այս «աղաւնի»ն այնուհետեւ համարձակ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի աղաւնիներուն մօտ ու առանց իր տգեղ ձայնը հանելու, կը սկսի անոնց հացահատիկներէն օգտուելու ու լեցնելու իր սոված փորը:
Յանկարծ, սակայն, աղաւնիներուն տէրը զանոնք կերակրած միջոցին, երբ իր կէսօրուան խորովածը կ՛ուտէր, միսի փոքրիկ կտոր մը գետին կ՛իյնայ իր փաթթուած հացին մէջէն: Ալրոտած «աղաւնի»ն շուտով կը յափշտակէ զայն գետնէն, իսկ շուրջի անմեղ աղաւնիները այդ պահուն կ՛իմանան, թէ մինչեւ հիմա իրենց հետ կտկտալով գետնի հացահատիկները ուտողը «իր-ենցմէ չէր»: Ագռաւը իր բնութիւնը իրագործեց, բնազդին մղումով: Անիկա չէր կրնար մտածել այդ պահուն, թէ ինք ալրոտած «աղաւնի» մըն է, ու եթէ իր փորը կշտացնելու եկած է այդտեղ, պէտք է չմօտենայ միսի կտորին: Այո՛, չէ՛ր կրնար, որովհետեւ իր բնազդը պիտի մղէր զինք, նպատակայարմար այդ պահը օգտագործելու, երբ «իրեն յարմար» ուտելիքը ինկած էր իր ոտքերուն առջեւ:
Մարդիկ այդ ագռաւէն տարբեր չեն, երբ յանկարծ որոշ կացութեան մէջ գտնուելով, ստիպուին իրենց բնութիւնը իրագործել:
«Իրմէ չէի սպասեր» արտայայտութեան մէջէն պէտք է դուրս բերուի զարմացական շեշտն ու գունաւորումը, որովհետեւ ամէն մարդէ ալ ամէն ինչ սպասելի է, երբ հարցը մարդկային բնութիւնը իրագործելուն կը վերաբերի: Օրինակ, ով կը յուսայ որ մայրը ոճիր գործէ: Մայրը որ բարութեան տիպար օրինակը պէտք է ըլլայ եւ ներողամտութեան ախոյեանը: Սակայն, նոյն բարի ու սուրբ մայրը կրնայ ոճիր գործել որոշ պարագայի տակ, այդ ալ՝ երբ իր զաւակի կեանքին ստոյգ վտանգ սպառնայ: Նոյնը չէ՞ էգ կենդանին, որ հանդա՜րտ ու հանգի՜ստ իր ձագերը դիեցուցած պահուն իսկ կրնայ յանկարծ յարձակիլ իր կողմը մօտեցող անծանօթին վրայ, եւ իր բնազդի բերումով կրնայ մինչեւ մահուան դուռը տանիլ վտանգ ներկայացնողին:
Մարդը իր ընկերային կենդանի ըլլալու իրողութեամբ, ստեղծուած որոշ կացութիւններու դիմաց նոյնիսկ աւելի վայրագ է քան կենդանին: Որովհետեւ մինչ կենդանին միա՛յն բնազդով կը գործէ, մարդը այդ կենդանական բնազդին վրայ կը գումարէ նաեւ իր բանականութիւնը, ու աւելի ծայրայեղութեան կը հասնի:
Ալրոտած «աղաւնի»ն չկրցաւ պահել իր բնազդային մղումը: Սակայն կան մարդիկ, որոնք երկա՜ր ժամանակ կը յաջողին թաքցնել իրենց բուն իսկութիւնը շրջապատէն, մինչեւ որ ա՛լ չկարենալով դիմադրել իրենց ներքին անձի տեւական պնդումներուն, ու յոգնած ներքին պայքարը մղելէ, յանկարծական պոռթկումով, ագռաւին նման կը նետուին «միս»ին վրայ, զայն յափշտակելով իրենց անսուաղութիւնը փարատելու համար:
Պէտք է թափ տալ ընկերային կեանքի մէջ թիւով շատ ալրոտած «աղաւնի»ներուն փետուրները, տակէն դուրս բերելու համար անոնց իսկական սեւ գոյնը: