
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդական կազմակերպութեան (ACYO) նախաձեռնութեամբ, Յունիս 24էն 29 տեղի պիտի ունենայ Քրիստոնէական ճամբարը, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, 9-16 տարեկան պատանիներու համար: Երկուշաբթիէն Շաբաթ երկարող ճամբարին ժամերն են՝ առաւօտեան ժամը 8:30 երեկոյեան ժամը 5:30:
Ս. գրային սերտողութեանց կողքին, մասնակիցները առիթը պիտի ունենան մասնակցելու մարզական խաղերու ու պիտի տրամադրուին հայ մշակոյթի ու երգի, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան դասաւանդութիւններ: Մասնակիցները նաեւ պիտի այցելեն Լոս Անճելըսի կենդանաբանական պարտէզը եւ Քալիֆորնիոյ գիտութեան կեդրոնը: Ուտեստեղէն պիտի տրամադրուի մասնակիցներուն:
Մասնակցութեան սակը 200 տոլար է՝ առաջին պատանիին համար, իսկ երկրորդին՝ 175 տոլար: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել ճամբարի վարիչ Հրայր Շիրիքեանին՝ (818) 427-9316 թիւով կամ եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ (818) 243-8400 թիւով:
– Եկեղեցւոյ տարեկան 6րդ դաշտահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 15ին, Սան Տիմասի «Պոնելի» զբօսայգիին մէջ, յաւարտ առաւօտեան ժամը 11ին սկսող Ս. պատարագին: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ (818) 243-8400 թիւով:
– Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդական կազմակերպութեան (ACYO) տարեկան ընտանեկան ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 11-13, ՀԵԴի ճամբարին մէջ: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Հրայր Շիրիքեանին՝ (818) 427-9316, կամ եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ (818) 243-8400 թիւով: