ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին տարեկան վեցերորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Մայիս 31ին, «Ամպրոզիա» սրահին մէջ. ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան հանգուցեալ Ճան Գրիգորեանի, ինչպէս նաեւ Մարշա Ռամոսի, Թիմի Մարտիրոսեանի եւ «Ուուտպըրի» համալսարանին կողմէ Պըրպենքի հայութեան մատուցած սպասարկութիւնները:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեք Հաճինեանը, իսկ ձեռնարկի երկրորդ կիսուն քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի անակնկալ այցելութիւնը յատուկ փայլք մը տուաւ ձեռնարկին:
Երեկոն նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ Պըրպենքի հայ գաղութի անդամներուն եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, հանդիպելու Պըրպենքի պաշտօնատարներուն եւ Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչներուն՝ քննելու համար հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, սկսելով համալսարանական փառատօներէ ու հասնելով մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու քուէարկողներու թիւը բարձրացնելու ջանքերը: Տեղի ունեցաւ նաեւ դրամահաւաք՝ նշեալ բոլոր աշխատանքները իրականացնելու նպատակով:
«Ուրախալի էր ի մի բերել Պըրպենքի հայ գաղութի անդամներն ու անցեալ տարուան ընթացքին քաղաքին մէջ իրականացած շարք մը ծրագիրներու յաջողութեան նպաստած անձնաւորութիւններ», կը յայտնէ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Արմոնտ Աղախանեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակի ընտրեալ պաշտօնատարներ, ներառեալ՝ Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Էմիլ Կէյպըլ Լատի (քաղաքապետ), տոքթ. Տէյվիտ Կորտըն (փոխքաղաքապետ), Պապ Ֆրութոս եւ Ճես Թալամանթես, ինչպէս նաեւ քաղաքի նորընտիր գանձապահ Տեպի Քուքթա ու քարտուղար Զիզեթ Մալինզ: Պըրպենքի Կրթական մարմինի վարչութեան անդամներէն ներկայ էին Տէյվ Քեմփ, Ռապըրթա Ռէյնըլծ, Շարլին Թեպեթ, Թետ Պանչ եւ Լերի Էփըլպաում:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Քերոլ Լիուի ու Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչի գրասենեակներու ներկայացուցիչները եւս ձեռնակին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ գնահատագիրներ յանձնելով մեծարեալներուն:
Ձեռնարկին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ եւս դրուատեց մեծարեալներուն ներդրումները, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ համայնքին տրամադրուող սպասարկութիւնները:
«Քաղաքական եւ քաղաքային ղեկավարներու մեծաթիւ մասնակցութիւնը ցուցանիշ մըն է այն իրողութեան, որ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը յոյժ կարեւոր դերակատարութիւն ունի շրջանի հայութեան կեանքին մէջ: Հաճելի էր համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ քննել Հայ Դատի գործունէութիւնը եւ գիտակցիլ, թէ անկէ կ՛օգտուի ոչ միայն քաղաքի հայութիւնը, այլ ամբողջ Պըրպենքը», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան գործադիր ատենապետ Զարեհ Խաչատրեան:
Հանգուցեալ Ճան Գրիգորեանի յատկացուած «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը ստանձնեց անոր զաւակը՝ Կրեկ Գրիգորեանը: Ճան Գրիգորեան տասնամեակներ սպասարկած է համայնքին եւ եղած է «Պիզնըս Լայֆ» ու «Սինիըր Լիվինկ» թերթերու հրատարակիչը:
Պըրպենքի նախկին քաղաքապետ Մարշա Ռամոս ստացաւ «Տարուան քաղաքացին» մրցանակը, յատկապէս՝ «Էս.» առաջադրութեան վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին մէջ իր դերակատարութեան համար, ինչպէս նաեւ քաղաքի զանազան կազմակերպութեանց միջոցաւ իր մատուցած ծառայութիւններուն փոխարէն:
«Գործարարութեան քաղաքացիական ղեկավարման» մրցանակը շնորհուեցաւ Թիմի Մարտիրոսեանին, որ շարունակաբար նեցուկ կը կանգնի Պըրպենքի հայ համայնքին, յատկապէս՝ կեդրոնանալով անոր երիտասարդութեան վրայ:
Վերջապէս, «Ուուտպըրի» համալսարանը հռչակուեցաւ «Տարուան կազմակերպութիւնը», շրջանի հայութեան դաստիարակման մէջ անոր բերած նպաստին ու յատկապէս մարդասիրական դասանիւթերու համար տրամադրուող կրթանպաստներուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.