ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հրանդ Տինք անուան հիմնադրամի հրատարակչութիւնը թրքերէնով լոյս ընծայած է 2011ի Նոյեմբեր 11-12ին Տիարպեքիրի մէջ կայացած «Տիարպեքիրի եւ տարածաշրջանի ընկերատնտեսական պատմութիւն» համաժողովին ներկայացուած ուսումնասիրութեանց ժողովածոն:
Գիրքին մէջ ներկայացուած են տարածաշրջանին վերաբերեալ թուրք եւ օտար հետազօտողներու 24 յօդուածները:
«Յիշողութիւնը կը վերադառնայ այս հողերը: Անիկա կու գայ հեռուէն՝ դեռ ազգերու ձեւաւորման ժամանակաշրջանէն: Ի հարկէ, այն, որ ազգերու ձեւաւորման գործընթացին մէջ պետութեան կողմէ այս տարածքներու բնակիչներուն յարմարեցուած էր՝ տանջանքներ, հաւաքական դաժանութիւն, իւրաքանչիւր վատ յիշողութիւն, որ մոռցուած էր, կամ աւելի վատ՝ պարտադրաբար մոռացուած էր, այժմ կը վերադառնայ», գիրքի շնորհահանդէսին ըսած է Պոլսոյ «Պահչեշեհիր» համալսարանի քաղաքագէտ, «Հայերէն ներողութիւն կը խնդրենք» արշաւի նախաձեռնողներէն՝ փրոֆ. Ճենկիզ Աքթար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.