
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Յունիս 12ին պատասխանած է Ատրպէյճանի բողոքագիրին՝ օփերայի աշխարհահռչակ երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէի կողմէ Արցախ կատարուած այցելութեան կապակցութեամբ:
Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին մէջ նշուած է, որ նմանատիպ այցելութիւններ անհատական բնոյթ ունին եւ չեն փոխեր «տուեալ հարցին մէջ Սպանիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը»:
Նամակին մէջ կ՛ընդգծուի, որ Սպանիա կը յարգէ միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքները, ներառեալ՝ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, եւ կ՛աջակցի Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ տարուող միջազգային ջանքերուն: