Այս տարուան Ապրիլ ամսուան ընթացքին, «Վարդանի Ասպետներ»ու «Արարատ» դահլիճը իններորդ անգամն ըլլալով բժշկական սարքաւորումներով եւ այլ իրերով լեցուն արկղ մը կ՛ուղարկէ Հայաստան, ուր անոր պարունակութիւնը պիտի տրամադրուի Արծուաբերդ գիւղի հիւանդանոցին:
354,300 տոլար արժող բժշկական սարքերը հասցէագրուած են Հայաստանի հիւսիսարեւելք գտնուող եւ Ատրպէյճանի սահմանակից այդ գիւղին, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ 30 անկողին ունեցող հիւանդանոցը անմիջական կարիքը ունէր անոնց. այդ հիւանդանոցը կը հասնի շրջանի մօտաւորապէս 16,000 քաղաքացիներու կարիքներուն: Տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ գտնուող շրջանին մէջ անգործութեան համեմատութիւնը գրեթէ 80 տոկոս է եւ շրջանի բնակչութիւնը կը գտնուի ատրպէյճանական յարձակումներու մշտական մտավախութեան տակ:
Այս ծրագիրի իրականացման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են նաեւ Հայաստանի «Շէն» ոչ պետական կազմակերպութիւնը, Մեսեչուսեցի Բժշկական սարքերու միջազգային մարմինը եւ Հայկական միացեալ հիմնադրամը:
Սարքաւորումները Հայաստան պիտի հասնին Յուլիսին կամ Օգոստոսին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.