
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտները Մայիս 21ին, «Սքայփի»ի միջոցաւ կապ հաստատեցին լիբանանահայ գրող Պօղոս Սնապեանի հետ, խորհրդակցութիւն մը ունենալով Սնապեանի «Առաջին Անձրեւ» գործի մէկ հատուածին մասին: Հեղինակը նաեւ խորհուրդներ փոխանցեց հայրենիքէն հեռու ապրող այս աշակերտներուն՝ հայօրէն մեծնալու մասին: