ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ օրերէ ի վեր շարունակուող ցոյցերուն ընթացքին ափրիկեան երկիրներ չորսօրեայ շրջապտոյտի մը մեկնած էր, Ուրբաթ, Յունիս 7ի կանուխ ժամերուն Պոլիս վերադարձաւ՝ դիմաւորուելով հազարաւոր համակիրներու կողմէ։ Կարելի է ըսել, որ օրերէ ի վեր Էրտողանի դէմ կատարուած ցոյցերուն իբրեւ պատասխան կատարուած այս դիմաւորումը Էրտողանի կողմնակիցներուն ուժի ցուցադրութիւնն էր: Էրտողան հոն խօսեցաւ երկար ճառ մը՝ մերժելով այն պնդումը, թէ ինք ժողովուրդին միայն 50 տոկոսին վարչապետն է: Անդրադառնալով Թաքսիմի «Կեզի» զբօսայգիի դէպքերուն՝ ան ցաւ յայտնեց, որ «15 ծառի համար ծագած կռիւին զոհ գացին երեք հայրենակիցներ», խոստանալով քննութիւններ կատարել՝ «եթէ ոստիկանները ծայրայեղութեան գացած են»:
«Անոնք, որոնք այս գործին սկսան անկեղծ զգացումներով, պէտք է հասկնան, որ սկսած են օգտագործուելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ», պնդեց Էրտողան՝ կրկնելով մէկ օր առաջ Թունուզի մէջ կատարած իր այս համոզումը, որուն համար կը դատապարտուի խաղաղ ցուցարարներուն կողմէ:
Էրտողան նաեւ յայտարարեց, թէ «Կեզի»ի մէջ պիտի վերակառուցուի օսմանեան զօրանոցը՝ «ուշադիր ըլլալով շրջապատի պահպանութեան»:
Թունուզի մէջ աւելի կանուխ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, լրագրողներ հարցուցին, որ արդեօք Էրտողան պատրա՞ստ է հաստատելու փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչի խօսքերը, որոնցմով ան ներողութիւն խնդրած էր առաջին օրուան յարձակումներուն համար։ Էրտողան պարզապէս պատասխանեց, որ իր փոխանորդը ըրած է «այն, ինչ անհրաժեշտ էր»։
Ան աւելցուց, որ աշխարհի ամէնէն զարգացած երկիրներուն մէջ իսկ արցունքաբեր կազ կը գործածուի՝ հակադարձելով ցուցարարներու այն կոչերուն, թէ ոստիկանութիւնը պէտք է կասեցնէ չափազանց ուժի եւ արցունքաբեր կազի օգտագործումը: «Ոչ մէկը իր իրաւունքները ապօրինի ճամբաներով փնտռելու իրաւունք ունի։ Եթէ հանրահաւաք պիտի գումարէք, ապա՝ ատոր տեղը յայտնի է, հոն կ՛երթաք, կ՛ընէք։ Կը քալէք, կը բողոքէք։ Ո՛չ մէկը կ՛արտօնէ, որ դուք ձեր ուզած տեղը հանրահաւաք կատարէք, կոտրէք, թափէք։ Մենք կուսակցութիւն մըն ենք, որ 21 միլիոն քուէ ստացած է։ Մեր կուսակցութիւնը փակել ուզեցին, դարձեալ փողոց չիջանք։ Մեր պայքարը տարինք ժողովրդավար միջոցներով եւ յետոյ դատարանը տուաւ մեզի ի նպաստ իր որոշումը։ Մենք կողմնակից չենք, որ մեծամասնութիւնը տիրապետէ փոքրամասնութեան։ Բայց չենք ալ կրնար հանդուրժել, որ փոքրամասնութիւնը տիրապետել ուզէ մեծամասնութեան», ըսաւ Էրտողան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.