ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 Յունիսին այցելած է Ասկերանի շրջան եւ շրջանային կեդրոնին մէջ գլխաւորած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած կարկտահարութեան հետեւանքով շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, որ Բակօ Սահակեան նշած է, թէ պետութիւնը կարելի եղածին չափ պիտի աջակցի կարկտահարութենէն ամէնէն աւելի տուժած քաղաքացիներուն եւ համապատասխան միջոցներու պիտի ձեռնարկէ բնական աղէտի հետեւանքները վերացնելու ուղղութեամբ:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.