ԹԱՒՐԻԶ.- Մշակութային ժառանգութեան, գիտական աշխատանքներու եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թուրապ Մոհամատի յայտարարած է, որ Թաւրիզի մէջ շուտով պիտի բացուի Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգին մէջ բնակող հայերու պատմութեան թանգարան:
Ըստ պարսկական «ԻՐՆԱ» (IRNA) լրատու գործակալութեան, Մոհամատի ըսած է, որ թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուին Արեւելեան Ատրպատական նահանգին մէջ հայերու՝ տարբեր ժամանակաշրջաններու, ապրելակերպը արտացոլող ցուցանմոյշներ: Այդ նպատակով բանակցութիւններ տեղի ունեցած են հայ համայնքին հետ եւ համաձայնութիւն գոյացած է Թաւրիզի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ հաւաքուած ցուցանմոյշները թանգարանին յանձնելու մասին:
Թանգարանը պիտի բացուի հայկական «Ասատի» դպրոցի շէնքին մէջ, որ 115ամեայ պատմութիւն ունի եւ պատմական յուշարձան կը նկատուի:
Հաւաքուած ցուցանմոյշներէն ամէնէն հինը, ըստ Մոհամատիի՝ աւելի քան 500 տարուան անցեալ ունի:
Ներկայիս, շէնքին մէջ վերանորոգման աշխատանքներ կը կատարուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Interesting!