ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մայիս 29ին, Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյման այցելեց Սուրիոյ սահմանակից Արսալ շրջանը, ուր Երեքշաբթի օր լիբանանեան բանակի անցարգելի մը վրայ տեղի ունեցած յարձակումին ընթացքին սպաննուած էին երեք զինուորներ: Սլէյման բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայէզ Ղոսընի հետ քննեց յարձակումին մանրամասնութիւնները՝ խստօրէն դատապարտելով զայն:
Յայտնենք, թէ Արսալ կը գտնուի Սուրիոյ Քուսէյր քաղաքին մօտերը, ուր սուրիական բանակը կը ճակատի խումբ մը զինեալներու հետ, որոնք, անցեալին եւս, իբրեւ հակադարձութիւն լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան անդամներուն կողմէ Սուրիոյ ցուցաբերուող օժանդակութեան՝ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին վրայ յարձակած էին:
«Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցած շաբաթավերջին պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին ընդգծեց, որ հիմնականին մէջ սիւննի-շիի բախումը չէ, որ կը սպառնայ շրջանին, այլ ուրիշը անհաւատ նկատող հոսանքը, ինչպէս նաեւ ամերիկա-իսրայէլեան ծրագիրները: Ան շեշտեց, որ «Հըզպալլա» ձեռնածալ պիտի չմնայ, մինչ Սուրիան ծունկի բերելու փորձերը կը շարունակուին: Նասրալլա նաեւ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ բախումները պէտք է կասեցուին՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ մասին տարակարծութիւնները յստակ են, սակայն անոնք բախումի պէտք չէ վերածուին: «Մենք կը մերժենք անիշխանութիւնը եւ պատրաստ ենք մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն, նոյնիսկ եթէ անիկա 1960ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ պիտի կատարուի», շեշտեց ան:
Նշենք, որ Չորեքշաբթի օր Թրիփոլիի մէջ արձակազինութիւնը վերսկսաւ, քանի մը օրերու համեմատական խաղաղութենէն ետք:
Նաեւ, Կիրակի օր Պէյրութի հարաւային արուարձանները թիրախ դարձան «Կրատ» տիպի երկու հրթիռներու, որոնք պատճառեցին չորս վիրաւոր եւ նիւթական վնասներ: Հրթիռները ինկան Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մօտակայքը:
Վերջապէս, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, թէ կը նախատեսէ, որ Սուրիոյ տագնապը Լիբանան փոխադրուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.