ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած զօրամասին մէջ 15 Մայիսին տեղի ունեցած դէպքին վերաբերեալ կը կատարուի ծառայողական քննութիւն: Այս տեղեկութիւնը «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին փոխանցած է պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը:
«Ծառայողական քննութեան արդիւնքների մասին յաւելեալ կը յայտնեն, դրանք աւելի շուտ պարզ կը դառնան, քան քրէական գործի հանգուցալուծումը: Ծառայողական քննութեան շրջանակներում կը լինեն նաեւ պաշտօնանկութիւններ», նշած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.