ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– «Մայիսին տեղացած կարկուտը Արցախում մեծ վնասներ չի տուել: Տուժել են մէկ-երկու համայնք՝ Մարտունու շրջանում, բայց ոչ մեծ չափերով». Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն այս յայտարարութիւնը կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի գիւղատնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեանը:
Արցախի մէջ ներկայիս ընթացքի մէջ է 22 հակակարկտային կայաններու տեղադրման աշխատանքը՝ Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ:
Նախարարին համաձայն, յառաջիկայ օրերուն «Բոյսերի պաշտպանութեան ծառայութեան ու բուսաբուծութեան տեսչութեան» մասնագէտները պիտի այցելեն այդ շրջանները՝ գնահատելու համար վերջին շաբաթուան յորդառատ անձրեւներուն եւ վաղ գարնանային երաշտի հետեւանքները:
Ըստ նախնական տուեալներու, երաշտէն տուժած է մօտ 2 հազար հեքթար հացահատիկային դաշտ: Պետութիւնը պիտի օգնէ տուժած հողագործներուն։
«Անասնագլխաքանակի աճը ինքնաբերաբար կերային բազայի խնդիր է առաջադրել, որն այս տարի սրուել է գարնանային երաշտի պատճառով: Խնդրի լուծման համար ձեռնարկուած քայլերը, այն է կերային՝ բազմամեայ խոտաբոյսերի մշակումը, այս տարի որոշակիօրէն մեղմելու են վիճակը, սակայն առաջիկայում այդ ուղղութեամբ աւելի լայնածաւալ աշխատանք է տարուելու: Այդ նպատակով պետութիւնը ներկրում եւ գիւղացուն է տրամադրում կերային խոտաբոյսերի սերմեր, ինչի հետեւանքով վերջին տարիներին կերային մշակաբոյսերի ցանքատարածութիւնների մակերեսն աճում է», յայտնած է նախարարը:
«Karabakh-open.info»ն կը յայտնէ, որ 2013 թուականի բերքին տակ ցանուած է 48587.3 հեքթար աշնանացան, ինչ որ գարնանացանի ցանքատարածութիւններու յաւելման պատճառով 7.2 տոկոսով նուազ է նախորդ տարուան ցուցանիշէն. 20 Մայիսի դրութեամբ կատարուած է 13,200 հեքթար գարնանացան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.