
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– «Հայաստանի էներգետիկոլորտի ապագան, վերականգնուող էներգիայի եւ էներգախնայողութեան հարցերը Հայաստանում» նիւթով 22 Մայիսին սկսած համաժողովին ընթացքին քննարկուած են այս բնագաւառին եւ հոն խնայողութիւն ընելու առնչուող հարցեր։ Օրուան հիմնական բանախօսներն էին ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը, որոնք իրենք խօսքը ուղղած են այս առիթով. դեսպանը նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է կազի գինի բարձրացման առիթով։
«Ռադիօլուր»ի թղթակից Լիանա Եղիազարեան կը գրէ. «Իրանի կողմից Հայաստանին առաջարկուող գազի գինն աւելի բարձր է, քան այն գինը, որն առաջարկում է Ռուսաստանը»: Ասիկա ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանի պատասխանն էր այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ մեր կառավարութիւնը չի փորձեր Իրանէն կազ գնել՝ որպէս ռուսական սղող կազին այլընտրանք: «40 կիլոմետր երկարութեամբ Իրան-Հայաստան գազատարը շահագործելու համար անհրաժեշտ են համապատասխան սարքաւորումներ, ուստի ծախսերը հաշուի առնելով՝ այն «Հայռուսգազարդ» ընկերութեան շահագործմանն է տրամադրուել, սակայն ոչ վաճատուել», յայտնած է նախարարը՝ հերքելով այն տեղեկութիւնները, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի Ռուսիոյ վաճառել Որոտանի ջրելեկտրակայանը՝ կազի սակին համար նիւթական յատկացումներու ապահովման համար: «Այս հարցերի լուծումը դեռ փորձ է արւում գտնել ռուսական կողմի հետ բանակցութիւնների միջոցով», դիտել տուած է ան։ Անդրադառնալով այն հարցումին, որ Ռուսիա աւելի աժան գինով կազ կու տայ Վրաստանին՝ Մովսիսեանը նկատել տուած է, որ՝ «Վրաստանի տարածքով է անցնում Ադրբեջանից Թուրքիայ տարանցուող ռուսական գազատարը, ինչի արդիւնքում էլ նրանք էժան գազ են ստանում»:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կազի թանկացումը հասարակական հնչեղութեան խնդիր նկատած է եւ կոչ ուղղած՝ հարցը քննարկել թափանցիկութեամբ: Անոր համաձայն, ինք ներգրաւուած չէ կազի գինի հարցին գծով Հայաստան-Ռուսիա բանակցութիւններուն մէջ եւ չ՛ուզեր ալ այդ յարաբերութիւններուն մէջ մտնել։ Ան նաեւ հերքած է այն տեսակէտերը, թէ հարեւան Իրանէն ստացուող կազը կը սղի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրամիութեան կողմէ ճնշումներուն եւ սահմանափակումներուն իբրեւ հետեւանք: Ելեկտրականութեան եւ ուժանիւթի խնայողութեան անդրադառնալով՝ դեսպանը դիտել տուած է, որ Հայաստանը կը շարունակէ այս առումով կախեալ մնալ ուրիշներէ։
Միացեալ Նահանգներու խորհուրդն է Հայաստանին՝ ուժանիւթի աղբիւրներ գտնել եւ խնայողութիւններ կատարել՝ ներածուող քարիւղէն եւ բնական կազէն կախեալութիւնը գոնէ նուազեցնելու համար: «Էներգետիկ ոլորտի կայունացումը տնտեսութեան եւ մասնաւորապէս ցածր եկամուտների տէր ու խոցելի տնային տնտեսութիւնների վրայ դրական կ՛անդրադառնայ: Էներգետիկայի եւ բնական պաշարների նախարար Արմէն Մովսիսեանը հարցին առաւել լաւատեսօրէն է մօտենում: Մեր էներգետիկոլորտը նա բաւական անկախ է համարում: Ակնկալւում է, որ դրան պէտք է նպաստեն Հրազդանի æԷԿի 5րդ էներգաբլոկի շահագործման եւ ատոմային նոր էներգաբլոկի կառուցման դեռ յետաձգուող ծրագրերը», կը գրէ Լիանա Եղիազարեան: