
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու տարածաշրջան այցելութեան ընթացքին, համանախագահները Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն պիտի առաջարկեն Յունիս 12ին հանդիպում մը ունենալ Աւստրիոյ Սալզպուրկ քաղաքին մէջ. այս մասին կը տեղեկացնէ իր ինքնութիւնը բացայայտել չփափաքող դիւանագէտ մը, որ նաեւ նշած է, թէ նախագահներուն միջեւ հանդիպման շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած տակաւին:
Նշենք, որ Յունիս 12ին նախագահներուն միջեւ կայացած հանդիպման մասին գրած է նաեւ հայկական «Հրապարակ» թերթը: