Վարեց՝ ԱՐՍԷՆ ՆՈՒՊԱՐ ՄԱՄՈՒՐՃԱՆ
Մոնթրէալահայ գրող, անգլիական գրականութեան երկարամեայ դասախօս դոկտ. Յակոբ Խաչիկեան հանրածանօթ անուն մը դարձաւ աւելի քան 20 տարի առաջ, միջազգային ճանաչումի արժանացած իր «Է Սամըր Ուիտաութ Տաոն» (A Summer Without Dawn) վէպով: Վերջերս լոյս տեսաւ վերոյիշեալ հատորին շարունակութիւնը հանդիսացող իր նոր վէպը, վերնագրուած՝ «Տը Եանկ Մեն ին տը Կրէյ Սիւթ» (The Young Man in the Gray Suit):
Սոյն վէպին ժողովրդային ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 19 Մայիսին, Մոնթրէալի ՀԲԸՄի սրահին մէջ:
Անուանի բանաստեղծ եւ գրաքննադատ դոկտ. Ճոն Ասֆուր վերլուծական ակնարկով պիտի ներկայացնէ հեղինակին գործերը եւ պիտի քննարկէ նոր լոյս տեսած վերոնշեալ վէպը:
Գրական այս երեկոն կազմակերպուած է Համազգայինի, «Թէքէեան» մշակութային միութեան, ՀԲԸՄի եւ Պոլսահայ միութեան կողմէ: Այս առիթով, «Ապագայ» եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթերը հանդիպում մը ունեցան դոկտ. Խաչիկեանի հետ, լսելու համար անոր մեկնաբանութիւնները:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Դոկտ. Խաչիկեան, սկսինք ամենապարզ հարցումով մը. ի՞նչն է, որ ձեզ գրելու կը մղէ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Պատճառները շատ են: Յստակօրէն գլխաւոր պատճառը այն է, որ ամբողջ կեանքիս ընթացքին գրելը իմ ասպարէզային սէրը եղած է. նաեւ՝ երբ կը գրեմ, գիտակից եմ, որ ուրիշ որեւէ բան ընելու հարկը չեմ զգար: Ատկէ զատ, ինչպէ՞ս կրնամ գիտնալ, թէ ի՛նչ կը խորհիմ՝ առանց տեսնելու թէ ի՛նչ կը գրեմ: Գրողներ կան որոնք կը մտածեն, թէ գրելը տառապանքի կեանք է, մինչդեռ անիկա միակ կեանքն է, զոր կ՛արժէ՛ ապրիլ: Չմոռնանք, որ գրելը զուտ անձնասիրութիւն է, գեղագիտական խանդավառութիւն, պատմական մղում եւ քաղաքական նպատակ:
Հ.- Ինչո՞ւ համար ընդհանրապէս պատմական վէպեր կը գրէք:
Պ.- Որովհետեւ պատմավէպը մեծ դիւրութեամբ իր կախարդանքին տակ կ՛առնէ ընթերցողը, եթէ լաւ գրուած է, եւ կարելիութիւն կ՛ընծայէ ընթերցողին, որ ան աւելին սորվի տուեալ ժամանակաշրջանին եւ դէպքերուն մասին: Պատմութեան նպատակն է դէպքերը նկարագրել առաւելագոյն ճշգրտութեամբ. մինչդեռ պատմավէպը ընթերցողը կ՛առաջնորդէ տիպարներու մտայնութեանց ընդմէջէն՝ անոր զգացնել տալով, որ ինք ներկայ ու մասնակից է նկարագրուած դէպքերուն: Բնականաբար, ասիկա անհրաժեշտ կը դարձնէ դէպքերու բարեփոխումը: Վէպը կը տարբերի իսկական պատմութենէն՝ երեւակայուած նկարագրութիւններու տարողութեամբ: Պատմական վէպ գրողները միշտ պէտք է նկատի ունենան, որ իրենք նախ եւ առաջ վիպագիրներ են, որոնց համար պատմութիւնը աղբիւր մըն է, որմէ կ՛օգտուին տիպարներ կերտելու, նաեւ նիւթի ընդլայնման համար հետաքրքրական զարգացումներ ներմուծելու համար իրենց աշխատանքին մէջ:
Հ.- «Տը Եանկ Մեն ին տը Կրէյ Սիւթ» (The Young Man in the Gray Suit) հատո՞րն ալ պատմավէպ մըն է:
Պ.- Ոչ մասնաւորապէս. շարունակութիւնը ըլլալով հանդերձ «Է Սամըր Ուիտաութ Տաոն» (A Summer Without Dawn) վէպին, որ հայկական ողբերգութեան պատմութիւնն է, անիկա կը ներկայացնէ Հայկական Սփիւռքի պատմութիւնը, անոր վերապրելու բնազդին ուժը: Բնական է, որ որպէս շարունակութիւն, նոր վէպը բաղդատուի նախորդին հետ: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ երկու վէպերը իրարմէ բոլորովին տարբեր են, թէեւ ընթերցողը պիտի գտնէ նախորդ վէպին մէջ երեւցած տիպարները՝ Մարօ, Վարդան, Ռիզա Պէյի կիները, եւայլն, սակայն բոլորովին նոր շրջապատի մը մէջ: Նիւթը հիմնուած է նախապէս ֆրանսերէնով գրուած վէպի մը վրայ, սակայն՝ ոճի, պատահարներու եւ կառոյցի բազմաթիւ տարբերութիւններով: Ուզեցի գրել անոր անգլերէն տարբերակը առանց խմբագրական միջամտութիւններու. արդիւնքը այն վէպն է, որ մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացուի Մայիսի ընթացքին:
Հ.- Ինչպէ՞ս կը բացատրէք «Տը Եանկ Մեն ին տը Կրէյ Սիւթ»ի՝ թեման:
Պ.- Վերակառուցման կարելիութիւնը Հայկական Սփիւռքին՝ յետ ապրուած ողբերգութեան: Վէպը կ՛ընդգրկէ պատասխանը ընթերցողի հարցումին. «Հեռաւոր Ամերիկան որպէս «փրամիստ լենտ» (promised land) ի՞նչ վերապահած է Պալեան ընտանիքին», իրականութեան մէջ բոլոր Պալեաններուն, որոնք որոշած են կտրել Ատլանտեանը, անցեալը թողնելով իրենց ետին:
Հ.- Ձեզի համար սիրելի եւ ամէնուրեք ներկայ Թոմասի տիպարը ընդգրկա՞ծ էք նոր վէպին մէջ:
Պ.- Այո՛, բայց որպէս երկրորդական տիպար, ոչ որպէս գլխաւոր դերակատար:
Հ.- Շուտով պիտի ունենանք գրական երեկոյ մը ձեր այս վերջին վէպին նուիրուած, ուր կարելի պիտի ըլլայ աւելի մանրամասնօրէն զրուցել: Վերջին հարցում մը. գրելու արուեստին մէջ ձեզի համար ո՞րն է ամէնէն աւելի գոհացում պարգեւողը, «պեսթսելըր»ի (best-seller) մը իրականացո՞ւմը, մրցանակնե՞ր, դրական գրախօսականնե՞ր կամ գիրքի սպառումէն գոյացած նիւթական շա՞հ:
Պ.- Ինծի համար վէպ գրելու աշխատանքին մէջ լաւագոյն պահը այն վայրկեանն է, երբ պատմութիւնը կը ձեւաւորուի ու կեանք կ՛առնէ էջին վրայ եւ այդպէսով կ՛իմաստաւորուի. այն ատեն է, որ կը գիտակցիմ, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ, ինչու այդպէս կ՛ընեմ, ստեղծած տիպարներս ինչու այդպէս կ՛ընեն ու կը խօսին: Այդ վայրկեանին է, որ ես զիս կը զգամ որպէս ստեղծող եւ ընթերցող: Մոգական, հրաշալի եւ արտասովոր վայրկեան մըն է, զոր կ՛ապրիմ այն ատեն:
Կիրակի, 19 Մայիսին կայանալիք Դոկտ. Յակոբ Խաչիկեանի նոր գիրքի ներկայցումը կատարող Ճոն Ասֆուր ծագումով լիբանանցի է. պատանի տարիքին ան կորսնցուցած է տեսողութիւնը քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ձեռնառումբի մը պայթումին պատճառով, ապա Գանատայ փոխադրուած է: Իր կեանքին ընթացքին՝ որպէս նշանաբան ունեցած է 20րդ դարու առաջին կիսուն համաշխարհային չափանիշով հռչակի տիրացած եւ շարունակ աչքերու վատառողջութենէ տառապած իրլանտացի վիպագիր-բանաստեղծ Ճէյմզ Ճոյսի հետեւեալ խօսքերը. «Խօսելով աչքերու մասին՝ անոնք մեզի ոչինչ կու տան: Հարիւր աշխարհներ ունիմ ստեղծելիք, եւ ես կը կորսնցնեմ անոնցմէ մէկը միայն» (For the eyes, they bring us nothing. I have a hundred worlds to create and I am only losing one of them): Իր բանաստեղծութիւններուն մէջ Ասֆուր կը քննարկէ այն ձեւերը, որոնց ճամբով ֆիզիքական թերութիւնը մարդուս միտքին մէջ բազմապատիկ կը մեծնայ եւ կը ներազդէ անոր կեանքին վրայ: