ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը տարբեր բոյսերու սերմացուներ պիտի յատկացնէ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի կարկուտէն տուժած գիւղացիներուն։ 16 Մայիսին կառավարութիւնը որոշում տուաւ առուոյտի, արեւածաղիկի եւ եգիպտացորենի սերմնացուներ ձեռք բերել տեղական սերմնաբուծարաններէ, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ Ռոստովի մարզի Զերնոգրատ քաղաքի «Սկիֆ Ագրոս» կազմակերպութենէն:
Ըստ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանի, 12 Մայիսին Հայաստանի Արմաւիրի մարզին մէջ կարկտահարութենէն լուրջ վնասներ ստացած են 43 համայնքներ, յատկապէս տուժած են խաղողի այգիները: Որոշ վնասներ կրած են նաեւ Արարատի, Արագածոտնի եւ Կոտայքի մարզերը: Ստեղծուած են համայնքային 43 յանձնաժողովներ, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ այս օրերուն պիտի աւարտեն վնասներու արձանագրութեան աշխատանքները:
Նախնական գնահատականներով, վնասուած են 15-17 հազար հեկտար տարածքներ, բանջարեղէններու 6 հազար հեկտար, պտղատու այգիներու՝ 5 հազար հեկտար, խաղողի այգիներու 4-5 հազար հեկտար:
Պտղատու եւ խաղողի այգիներու վերականգնումը աւելի երկար ժամանակի կը կարօտի, քան բանջարեղէնները: Կառավարութիւնը գիւղացիներուն պիտի տրամադրէ նաեւ 7000 թոն պարարտանիւթ եւ վառելանիւթ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.