
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Փանորամա».– Հայաստանի մէջ կազի գինի բարձրացման եւ այդ առնչութեամբ ժողովրդային բողոքի արտայայտութիւններուն անդրադարձած են նաեւ ՀՅԴ

Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանն ու Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը։
«Գազի թանկացումը նախ ցոյց է տալիս մեր կառավարութեան թէ՛ արտաքին եւ թէ ներքին քաղաքականութեան ձախողումը», «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը:
Ան նշած է, որ քանի մը ամիս առաջ, երբ կառավարութիւնը կը քննարկէր իր ծրագիրները՝ պիւտճէի պաշտօնական քաղաքականութեան առնչուող, ոչ մէկ տեղ չէր երեւեր, որ այսպիսի բան կրնայ ըլլալ: Ընդհակառակը, կանխատեսումները շատ աւելի լաւատեսական էին:
«Հիմա այս ամէնը ցոյց է տալիս, որ իսկապէս երկու տիպի քաղաքականութիւն է վարում իշխանութիւնը՝ մէկը՝ առերեւոյթ, երեւացող՝ քարոզչական, միւսը՝ իրական, որը կործանարար ընթացքի մէջ է դրել մեր երկիրը: Եւ ակնյայտ է, որ անգամ պաշտօնական տուեալներով՝ 35 տոկոս աղքատութիւն կայ, իսկ ես կարծում եմ, որ շատ աւելին է, որովհետեւ իրենք խուսափում են աղքատութեան նուազագոյն շեմը որոշել կենսաապահովման նուազագոյն զամբիւղի յարաբերութեամբ. երբ այդպէս անեն, պարզ կը դառնայ, որ աղքատութեան ցուցանիշի թիւն առնուազն պէտք է կրկնապատկել: Ու այդ ժամանակ խօսել թանկացումների մասին, առհասարակ, ներքին անվտանգութեան հարց է: Պատկերաւոր ասած՝ կարծես, փորձում են ժողովրդի դիմադրողականութիւնը՝ թէ էլ ինչքան կարող է դիմանալ: Այս տրամաբանութիւնը այսպէս շարունակուել չի կարող», նշած է ան։
Կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան ձախողութեան պատճառով կազի գինի բարձրացման անդրադառնալով՝ Ռուստամեան նշած է, որ եթէ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը Հայաստանի համար կը ճշդէ այնպիսի գիներ, որոնք առկայ են Եւրոպայի պարագային, ուրեմն պէտք է հարց տալ, թէ ի՛նչ է այս մօտեցումին պատճառը։
«Այդ պատճառով էլ ասում ենք, որ կառավարութեան թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին քաղաքականութիւնն իսկապէս ձախողուած է: Սա պէտք է մեծապէս վերանայուի ու վերափոխուի, բայց այս իշխանութիւններից ես նման ակնկալիք չունեմ: Նրանք չեն էլ գիտակցում, որ վիճակը տագնապալի է: Իրենց գնահատականներով վիճակը լաւ է, ու դեռ աւելի պէտք է լաւացնեն», յայտնած է Ռուստամեանը:
Պատասխանելով «Երկիր»ի այն հարցումին, որ արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած, որ կառավարութենէն հրաժարական պահանջուի՝ Ռուստամեան յայտնած է, որ ժամանակը ոչ միայն հասած է, այլ նոյնիսկ անցած։ «Ինչքան շուտ այս իշխանութիւնները փոխուեն, այնքան շուտ իրավիճակի փոփոխութեան մասին կարելի է խօսել», հաստատած է ան։
«Սա հասարակութեան ընդվզումն է այն քաղաքականութեան դէմ, որ իրականացւում է Հայաստանում», նշած է ան։
Այս հարցին անդրադարձած է նաեւ Արծուիկ Մինասեան, որ դիտել տուած է, թէ կազի հարցին առնչուող իշխանութիւններուն վերաբերմունքը ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնները ոչ միայն համարժէք քաղաքանութիւն չեն վարեր երկրին մէջ ստեղծած իրավիճակին նկատամամբ, այլ նաեւ ունակ չեն գիտակցելու, հասկնալու, որ այս քաղաքականութեամբ, այս մօտեցումներով պետութիւնը չի կրնար զարգանալ:
«Ակցիայի նպատակն է իշխանութիւններին ստիպել, որպէսզի գիտակցեն իրենց պատասխանատուութիւնը, այլ ոչ թէ նստեն աթոռներին եւ վայելեն իրենց ստացուած ձայները»: Անոր համաձայն, Հայաստանի տնտեսութեան բոլոր ոլոտներուն մէջ այսօր կան լուրջ խնդիրներ, որոնց համար պէտք է անմիջական լուծումներ գտնուին։
Անդրադառնալով մամուլին մէջ շրջան ընող այն տեղեկութիւններուն, թէ կազին գինը պիտի բարձրանայ ոչ թէ 60, այլ 30 տոկոսով՝ Արծուիկ Մինասեան դիտել տուած է, որ ասիկա «մանիպուլեացիա» է: «Նախ պէտք է հարցադրում արուի՝ ինչո՞ւ է բարձրանում: Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը այդքան կամք չունի դիմագրաւելու Ռուսաստանի՝ մեր ռազմավարական գործընկերոջ կեցուածքին, ապա նշանակում է, որ այստեղ որեւէ ռազմավարական գործընկերութիւն չկայ, այլ կայ ստրուկի եւ ստրկատիրոջ յարաբերութիւն», յայտնած է Արծուիկ Մինասեանը:
Ըստ անոր, եթէ իշխանութիւնը ականջալուր չըլլայ, ապա սղութիւնը պիտի առաջնորդէ զանգուածային բողոքի:
«Գազի բարձրացումը բերելու է հսկայածաւալ գնաճի ձեւաւորման: Դրա համար նախ պէտք է կասեցնել եւ չթողնել, որ գները բարձրանան: Նախ պէտք է իրականացնել աշխատավարձերի եւ նպաստների բարձրացում, նոր անցում կատարել պլանաւորուած բարձրացման», յայտնած է Ա. Մինասեանը: