
ՔՈՒԷՅԹ.- Քուէյթի Ազգային վարժարանի նախաձեռնութեամբ Ուրբաթ, Մայիս 10ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ամէնամեայ աշակերտական արտասանական մրցոյթ, որ այս տարի նուիրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կողմէ հռչակուած «Հայ մօր տարուան»:
Առաջնորդ սրբազան հօր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ ծնողներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին մասնակցեցան 31 աշակերտներ՝ բաժնուած հինգ խմբակներու:
Առաջին խմբակի 11 աշակերտները մասնակցութեան համար ստացան գնահատագիրներ եւ Թումանեանի հեքիաթներու արեւմտահայերէնի թարգմանուած գիրքեր:
2րդ խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Շաղիկ Մովսէսեան, որ արտասանեց Յովհաննէս Շիրազի «Հրաշք»ը, 3րդ խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Յարութ Գայթանճեան՝ ներկայացնելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Աղուէսին Քիթը», 4րդ խմբակէն՝ Կասիա Աբիկէան՝ արտասանելով Յովհաննէս Շիրազի «Ամէնայն Սրտով»ը, 5րդ խմբակէն՝ Վանիա Մինասեան՝ արտասանելով Համօ Սահեանի «Դուք Լաւն Էք Մարդիկ» բանաստեղծութիւնը: