
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Մայիս 21ին կայանալիք Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն ընթացքին որոշած է նեցուկ կանգնիլ Ճան Չոյի ընտրապայքարին, որ քաղաքապետական խորհուրդին մէջ թիւ 13րդ ընտրաշրջանի աթոռին համար իր թեկնածութիւնը դրած է:
«Ճան Չոյ բոլոր յատկանիշերը ունի լաւապէս կատարելու համար այս պաշտօնին պարտաւորութիւնները, միաժամանակ ան միշտ նեցուկ կանգնած է հայութեան», կը յայտնէ Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Լարա Երէցեանը, որ կ՛աւելցնէ. «Ընտրուելու պարագային՝ ան քաղաքապետարանին մէջ կարեւոր դաշնակից մը պիտի ըլլայ շրջանի հայութեան, առաջ մղելու համար հայութիւնը յուզող հարցերը»:
Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, թէ շրջանին մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու քուէն կենսական է Չոյի յաղթանակը ապահովելու համար:
13րդ ընտրաշրջանի սահմաններէն ներս կ՛իյնան հետեւեալ թաղամասերը՝ ամբողջութեամբ կամ մասամբ. Հոլիվուտ, Արեւելեան Հոլիվուտ, Փոքրիկ Հայաստան, Թայ Թաուն, Վըճիլ Վիլեճ, Սիլվըր Լէյք, Էքօ Փարք, Թեմփըլ-Պեվըրլի, Քորէաթաուն, Պատմական Ֆիլիփինոթաուն, Ուեսթլէյք, Ուիլշըր Սենթըր, Մելռոզ Հիլ, Էքօ Փարք, Ըլիժըն Վելի, Էթուաթըր Վիլեճ եւ Կլեսել Փարք:
Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ շրջանի բոլոր հայերուն, որ մասնակցին Մայիս 21ի ընտրութիւններուն, որոնց ընթացքին պիտի ընտրուի նաեւ Լոս Անճելըսի յաջորդ քաղաքապետը: