
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Աբովեան քաղաքին մէջ 14 Մայիսի երեկոյեան կատարուած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի միջոցներով կառուցուած Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը, որուն մասնակցած են Հայաստանի եւ Պելոռուսի նախագահներ Սերժ Սարգսեանը եւ Ալեքսանդր Լուքաշենքօն, նաեւ նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը։ Արարողութեան չէ մասնակցած նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, որուն հրաւէր ուղարկուած էր: Ներկայ եղած են նաեւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի փոխնախագահներ Լեւոն Զուրաբեանն ու Արամ Մանուկեանը, պատգամաւոր Լիւդմիլա Սարգսեանը. Ժառանգութիւն կուսակցութենէն ներկայացուցիչ չկար:
Լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, թէ ԲՀԿն ընդդիմութիւն պիտի դառնա՞յ՝ Ծառուկեան պատասխանած է. «ԲՀԿն ընդդիմութիւն դառնալ չի կարող, քանի որ երեք-չորս ընդդիմադիր կուսակցութիւններ կան: ԲՀԿն կողմնակից է նրան, ինչն օգուտ եւ ձեռնտու է ժողովրդին: Այդ սկզբունքով անում ենք եւ շարունակում ենք անել: Քաղաքականութեան մէջ չեմ մտել անձնական շահի, քծնանքի համար, այլ երկրի զարգացման համար»: (Այս մասին կարդալ 2րդ էջի վերլուծումը):
Ըստ լրագրողին, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի տրամադրութիւնը շատ բարձր էր, քանի որ հասած էր իր նպատակին՝ եկեղեցին պիտի յանձնուէր իր տէրերուն՝ հայ ժողովուրդին: Այս հաստատումը կատարած է Գագիկ Ծառուկեանը: «Եկեղեցին բոլորինն է, հայ ժողովրդինը: Բոլորի առջեւ դուռը բաց է», նշած է Ծառուկեան՝ աւելցնելով, որ հրաւէր ուղարկուած է բոլորին՝ նախկին նախագահներուն եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին: Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, որ անոնցմէ ոմանք ինչո՞ւ ներկայ չեն. Ծառուկեան յայտնած է. «Թող իրենք իրենց խղճի առջեւ պատասխան տան, մենք բոլորին հրաւիրել ենք»:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք այս քայլով ուզած է միաւորե՞լ բոլորը, Ծառուկեան դիտել տուած է. «Այո՛, պէտք է միաւորում լինի, որ յաջողութիւն ու յաղթանակ լինի»: «Միաւորուեն Ձեր առանցքի շո՞ւրջ» հարց տուած է լրագրողը. ի պատասխան ԲՀԿի առաջնորդը ըսած է. «Պէտք է ընդհանուր միաւորում լինի»: