ՎԱՏԻԿԱՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսիս պապը Կիրակի, Մայիս 12ին, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած տասը հազար հաւատացեալներու ներկայութեան, իր գահակալութեան առաջին սուրբերը հռչակեց: Սուրբերու դասը անցնելիք անհատները ընտրուած էին Պենետիքթ ԺԶ. պապին օրով: Անոնց շարքին էին 813 իտալացիներ, որոնք 15րդ դարուն, հաւատափոխ ըլլալ մերժելնուն համար գլխատուած էին օսմանցիներու կողմէ:
Պապը նաեւ առաջին անգամ ըլլալով սուրբ օծեց քոլոմպիացի մը, որ միաբանութեան մը հիմնադիրն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.