
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Էվրենսել» թերթին մէջ Նուրայ Սանճարի ստորագրութեամբ հրատարակուած է յօդուած մը, որ կը խօսի Այնթապի շարժապատկերի փառատօնին մասին։ Փառատօնը կազմակերպուած է «Նար» կոչուող մշակութային միութեան կողմէ, որ այս հայաշունչ անունը փոխ առած է քաղաքի բազմամշակոյթ անցեալէն։
Յօդուածին սկիզբի տողերը հետաքրքական են. «Ամէն անգամ, երբ կը մտնենք թանգարանէ մը, մզկիթէ մը կամ մշակութային կեդրոնէ մը ներս, մեր առաջնորդին ամէնէն շատ գործածած նախադասութիւնն է՝ «Ասիկա հայկական հին շէնք մըն է. երբ հայերը գացին, շէնքը այս նպատակին համար գործածուեցաւ»։ Բեմադրիչ Նաթալի Պերկեր կառչած է այս՝ «երբ հայերը գացին» բառերուն։ Ես անոր կը բացատրեմ, որ հայերը չգացին, այլ՝ ղրկուեցան։ Ս. Պետրոս եկեղեցիին մէջ, որ ներկայիս փոխակերպուած է ակումբի, մանուկները պարի դաս կ՛առնեն։ Ոմանք կրնան կարօտը զգալ գնչուներու եւ հայերու, բայց գնչու անունը հիմա պարզապէս բառ մըն է, իսկ հայերուն կառուցածները դարձած են պարզապէս զբօսաշրջութեան վայր։ Ասիկա մարդուս ներքին ցաւ մը կը պատճառէ, բայց ի՛նչ ալ ընեն, հայկական ինքնութիւնն ու ազդեցութիւնը այս քաղաքին մէջ կը շարունակէ ապրիլ անջնջելի կերպով: Ի՛նչ ալ ընեն, չեն կրնար քօղարկել զայն։ Նուռը պայթելու պատրաստ է, եւ կեղեւին տակ կարծես կայ վէրք մը, որ անհանգստութիւն կը պատճառէ»։