Հինգշաբթի, Մայիս 2ի առաւօտուն, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի 10րդ կարգի աշակերտները այցելեցին Ազգային առաջնորդարան, ուր ընդունուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ հոգեւոր հայրեր Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի եւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի կողմէ:
Առաջին հերթին, հոգեւոր հայրերն ու աշակերտները աղօթքի պահ մը ունեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ապա աշակերտները համախմբուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը: Աշակերտները կարդացին իրենց գրած բանաստեղծութիւններէն, որոնց բովանդակութեան եւ ներդաշնակութեան մասին մեծ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան:
Առաջնորդ սրբազանը նախ ողջունելով եւ ապա գնահատելով աշակերտներուն այցը Ազգային առաջնորդարան՝ խօսեցաւ քրիստոնէական բարիքներուն եւ հաւատարմութիւններուն մասին եւ յորդորեց, որ աշակերտները իրենց հոգիներուն մէջ բարձր պահեն հայկական եւ քրիստոնէական ոգին եւ ըլլան հաւատարիմ ու արժանաւոր զաւակները հայ ազգին:
Այնուհետեւ, աշակերտները այցելեցին առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքները՝ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար կառոյցին եւ Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընթացող զանազան գործունէութիւններուն:
(Թղթակցութիւնը՝
վարժարանէն)