
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանը 6 Մայիսին Շուշիի Ս. Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին համար մատուցուած Ս. պատարագին:
Եկեղեցական արարողութեան մասնակցած են պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը, պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմը եւ զինուորական ծառայողներ։