ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ կրկին ամօթալի ընտրութիւններ կայացան, եւ ամէն անգամ կարելի է զարմանալ, թէ որքան բազմաբնոյթ կրնան ըլլալ խախտումները: 6 Մայիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է «Թրենսփերընսի Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան փոխնախագահ Սոնա Այվազեանը:
Անոր համաձայն, կազմակերպութիւնը դիտորդական առաքելութիւն կատարած է թիւ 7, 8, 12 եւ 13 ընտրատարածքներուն մէջ, որոնք ներառած են Մալաթիա–Սեբաստիա, Էրեբունի եւ Շէնգաւիթ վարչական շրջանները: «Վաղ առաւօտից խոչընդոտուել է լրագրողների աշխատանքը: Եղել են սպառնալիքներ, հոգեբանական ճնշումներ», յայտնած է ան:
Այվազեանի համաձայն, բոլոր ընտրական կեդրոններուն մէջ նկատելի եղած է լարուածութեան առկայութիւնը: «Եղել են տեղամասեր, որտեղ քուէարկութեան ընթացքը եղել է բաւական հանգիստ, ինչը պայմանաւորուած էր յանձնաժողովի անդամների կամ վստահուած անձանց հաւասարակշռող թուով, քանի որ տարբեր քաղաքական ուժեր էին ներկայացուած», յայտնած է Սոնա Այվազեանը՝ ընդգծելով, թէ որոշ տեղամասերու մէջ հարցերը կը լուծուէին Ազգային ժողովի պատգամաւորներու, օրինակ Սամուէլ Ալեքսանեանի մակարդակով, որ սպառնացած էր խախտումներու յայտնաբերումները չարտօնել:
Սոնա Այվազեան նշած է, թէ «Թրենսփերընսի Ինթըրնեշընըլ»ը ընտրական կեդրոններուն մէջ խախտումներուն գծով յանձնաժողովներուն 40 բողոք ներկայացուցած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.