
Չորեքշաբթի, Մայիս 1ի կէսօրին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Պրազիլիոյ թեմի առաջնորդ Տաթեւ արք. Ղարիպեանի, որ հարազատներուն այցելութեան համար քանի մը շաբաթէ ի վեր Լոս Անճելըս կը գտնուի։
Երկու սրբազան հայրերը ունին բազմաթիւ տարիներու բարեկամութիւն, գործակից եղած են Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակման 1700ամեակին առթիւ ատենին կազմակերպուած ուխտագնացութիւններուն ծիրին մէջ։
Առաջնորդը ողջունեց հիւր սրբազանը. անոնք տեղեկութիւններ փոխանակեցին երկու թեմերու աշխատանքային մարզերուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ հայութիւնը յուզող այժմէական հարցերու մասին։