
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Մայիս 30ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի պիտի ունենայ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին դոկտ. Սերճիօ լա Փորթա պիտի ներկայացնէ «Գրիգոր Տաթեւացի եւ Հայ եկեղեցւոյ արդիականացումը» նիւթը:
Դոկտ. լա Փորթա Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի «Հայկ եւ Իզապէլ Պէրպէրեաններ» հիմնադրամին կողմէ հովանաւորուած դասախօս է: Ան Հայագիտութեան եւ Միջին Արեւելքի ուսմանց ճիւղին մէջ իր մասնագիտութիւնը ստացած է «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ:
Դասախօսական սոյն ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի սրահը (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA, 91403):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: