
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- 2007 թուականին թիւ 26.199 օրէնքի հռչակումէն ի վեր, Արժանթին ամէն տարի Ապրիլ 24ին կը նշէ «Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ յարգանքի օր»ը, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն:
Ապրիլ 30ի երեկոյեան, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կազմակերպեց Ցեղասպանութեան 98ամեակի յիշատակումը Պուէնոս Այրեսի Գոլեխիօ Նասիոնալին մէջ:
Ձեռնարկին խօսք առին Արժանթինի Կրթութեան նախարար Ալպերթօ Սիլէօնի, դաշնակցային դատախազ Սերխիօ Թորես, Փլասա տէ Մաժոյի Մայրեր կազմակերպութեան հիմնադիր գիծի անդամ՝ Նորա Գորթինիաս, ընկերային գիտութիւններու տոքթ. Նետերիքօ Լորենց եւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տնօրէն տոքթ. Յակոբ Թապագեան, որոնք թէեւ տարբեր շրջանակներու կը պատկանին, բոլորը խիստ պաշտպան են մարդկային իրաւունքներուն եւ պնդեցին Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին:
Իր պատգամին սկսելով, նախարար Ալպերթօ Սիլէօնի նշեց, թէ նոյն օրը կը նշուէր Փլասա տէ Մաժոյի Մայրեր կազմակերպութեան առաջին քայլարշաւի 36ամեակը, որ Արժանթինի ժողովրդավարութեան հիմնաքար մասնիկներէն մէկը պէտք է նկատուի: Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, նախարարը ըսաւ, որ անիկա անտեսուած ոճիր մը է եւ ընդգծեց այս ուղղութեամբ Արժանթինի տարած աշխատանքը, մանաւանդ նախագահ Նեսթոր Քիրչների օրով:
Դատախազ Սերխիօ Թորես Հայոց Ցեղասպանութիւնը բաղդատեց Արժանթինի վերջին բռնատիրական կառավարութեան հետ եւ յայտնեց, որ «թէեւ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած ցեղասպանութիւնները դիմադրելու ձեւի մը վրայ», Արժանթինի օրինակը նկատեց որպէս ամէնէն արդարներէն մէկը, դատական դաշտի վրայ լուծում գտնել ոչ թէ յատուկ դատարաններ կազմելով կամ դատախազներ նշանակելով այդ ոճիրներու դատապարտման համար, այլ զանոնք դատել երկիրին մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող դատարաններով, ընթացքին առաւել թափանցիկութիւն երաշխաւորելու միտումով:
Իր կարգին, Փետրօ Մուրատեան Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը քննարկեց՝ ներկայացնելով «երկու սատանաներու գաղափար»ի տեսակէտը, որուն միջոցաւ յանցանքը զոհերուն վրայ կը նետուի: Ան շեշտը դրաւ Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնաբարուած կանանց ինքնամեկուսացման նշանակութեան վրայ՝ բացատրելով, թէ անոնք երբեք չէին արտայայտուած իրենց ցաւերու մասին եւ շեշտեց թէ «այդ կանայք պատմութեան բաժին մը իրենց մօտ պահեցին: Մեր պարտաւորութիւնն է իրենց այդ լռութիւնը լսել»: