
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռիվըրսայտի (UCR) մասնաճիւղի ուսանողներու միութեան վարչութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի բանաձեւ մը, որով Ապրիլ 24ը պաշտօնապէս յայտարարուած է Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակի օր:
Ըստ համալսարանի «Հայլենտըր» ուսանողական թերթին կողմէ Երեքշաբթի, Ապրիլ 30ին հաղորդուած տեղեկութեանց՝ վարչութեան նիստին ընթացքին վարչութեան 14 անդամները բանաձեւին ի նպաստ քուէարկած են:
Թերթը կը նշէ, որ համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան եւ «Ալֆա Կամմա Ալֆա» հայ կանանց խմբակի ուսանողները դիմած էին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռիվըրսայտի մասնաճիւղի ուսանողներու միութեան վարչութեան՝ խնդրելով անոնց միջնորդութիւնը, որպէսզի համալսարանը եւս պաշտօնապէս ճանչնայ 1915-1923 թուականներուն տեղի ունեցած Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
«Յարգանքի տուրք մատուցելով վերապրածներուն, հետեւողականօրէն ոգեկոչելով ու խստօրէն դատապարտելով հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած ոճրագործութիւնները՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռիվըրսայտի (UCR) մասնաճիւղի ուսանողներու միութեան վարչութիւնը կը խրախուսէ, որ նման ոճրագործութիւններու մասին տեղեկութիւնները աւելիով տարածուին՝ կանխելու համար նման յանցագործութեանց կրկնութիւնը», նշուած է բանաձեւին մէջ: