
Արժանթին բնակող Էռնեկեաններու ընտանիքը, որ միլիառատէր դարձած է լրատուամիջոցներու եւ օդանաւային ընկերութիւններու շնորհիւ, կը նախատեսէ կառավարութեան առաջին գործընկերը դառնալ կազի եւ քարիւղի արդիւնահանման գործին մէջ:
Էտուարտօ Էռնեկեան, որուն կարողութիւնը կը կազմէ 1,3 միլիառ տոլար, 700 միլիոն տոլար խոստացած է երկու գործարքներուն համար՝ նպատակ ունենալով արագացնել համագործակցութիւնը Արժանթինի պետական YPF ընկերութեան հետ՝ կազի եւ քարիւղի արդիւնահանման ոլորտէն ներս:
«Այս ձեռքբերումը ռազմավարական նշանակութիւն ունի եւ վառ վկայութիւն է, որ մեր գործարքը YPF-ի հետ կ՛արագանայ եւ մօտ օրէն կը ստորագրուի», կը յայտնէ Է. Էռնէկեան: