
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ընդդիմութեան միաւորման համար պէտք է երկու յստակ յայտարարութիւն անել. առաջինի բովանդակութիւնը պէտք է լինի այն, որ ընդդիմադիր ուժերը Երեւանի աւագանիում ընտրուելու դէպքում՝ չեն միանայ իշխանութեան հետ»: 2 Մայիսին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն կը գլխաւորէ ՀՅԴի համամասնական ցանկը:
Ան նշած է, որ առաջին յայտարարութեան մէջ պէտք է նաեւ ամրագրել, որ ընդդիմադիր ուժերը պէտք է համագործակցին Երեւանի աւագանիին մէջ: Այսինքն, եթէ ընդդիմադիր ուժերուն ոչ մէկը մեծամասնութիւն ստանայ, ապա անոնք պէտք է միաւորեն իրենց աթոռները ու ընտրեն ընդդիմադիր քաղաքապետ:
«Երկրորդ յայտարարութիւնում պէտք է նշուի, որ ընդդիմադիր ուժերը կը համագործակցեն ընտրատեղամասերում՝ ժողովրդի տուած ձայները պահելու նպատակով», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան՝ ընդգծելով, որ ժողովուրդի կրաւորականութիւնը ի յայտ կու գայ այն պատճառով, որ մարդիկ չեն հաւատար, թէ իրենց ձայնը նշանակութիւն պիտի ունենայ, որ բնական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան:
«Մենք պէտք է ժողովրդին արդար ընտրութիւնների երաշխիքներ տանք: Դա քաղաքական ուժերի խնդիրն է, ընտրողներից ոչ ոք պարտաւոր չէ հետեւել միւս ընտրողների ձայների պահպանմանը», դիտել տուած է ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը:
Անոր համաձայն, ընդդիմութեան շահերուն կը համապատասխանէ ընտրողներուն աշխուժացումը, եւ անոնց մօտ ամրագրումը այն համոզումին, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները առիթ են «ո՛»չ ըսելու իշխանութիւններուն: «Դրա համար անհրաժեշտ է գծել այն բաժանարար գիծը, որի օգնութեամբ կարելի է տարբերակել ընդդիմութիւնն իշխանութիւնից: Եթէ ժողովուրդը յստակ չտեսնի այդ գիծը, նորից խճճուելու է եւ իշխանութիւնների նկատմամբ անվստահութեան հանրաքուէն տեղի չի ունենալու այն բարձր մակարդակով եւ չի ունենալու այն ազդեցութիւնը, որը ցանկանում ենք», եզրափակած է Արմէն Ռուստամեան: