ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

«Ասպարէզ»ն ալ օրհնուած է, փա՜ռք Աստուծոյ: Ի վերջոյ՝ 105 տարի անխափան լոյս տեսնել միջավայրի մը մէջ, ուր հակացուցուած է այսպիսի երկարակեցութիւն, ուր հայկական ու հայկականութեան տեսակէտէն՝ օրէնքը նահանջն է, ետքայլը, ամփոփուիլը, կծկուիլը:
Խօսքը կը վերաբերի մեր ժողովուրդին ծառայելու ասպարէզին, ասպարէզներուն, խօսքը կը վերաբերի այն բոլոր պաշտօններուն, որոնց վրայ գտնուողը, բացի իր նիւթական վարձատրութենէն (քիչ թէ շատ)՝ հոգեպէս բաւարարուած կը զգայ, որովհետեւ իր ներդրումը կը բերէ ազգային գործի մը ու իր սրտին մօտիկ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ:
Օրհնուած ասպարէզներ են հայկական հաստատութիւններու մէջ առկայ գործերն ու պաշտօնները, հայկական վարժարաններու, մամուլի (գրաւոր թէ բանաւոր), հոգեւոր կառոյցներու մէջ լիաժամ աշխատանքները, ի՛նչ պատասխանատուութեան աստիճանի ալ ըլլան անոնք: Կայ եւս հասարակական կազմակերպութիւններու ոչ մեծ թիւ մը, որ հնարաւորութիւնն ունի լիաժամ գործավար կամ գործավարներ ունենալու: Երեւակայէ, որ գործ ունիս մշակութային միութեան մը մէջ, կը վճարուիս այդ գործին համար, որուն փոխարէն պէտք է աշխատիս ի փառս հայ մշակոյթին, անոր տարածման, անոր քարոզչութեան:
Նոյնը՝ բարեսիրական, մարզական կամ քաղաքական կազմակերպութիւններու պարագային: Կը սիրե՞ս հայ կարիքաւորին օգնել. հայ պատանիին համար առողջ միջավայր ստեղծելը քեզի համար կարեւո՞ր է, կամ հայկական համայնքը քաղաքականօրէն կազմակերպելը քեզի համար խիստ ցանկալի՞ է, ապա ուրեմն այդ ոլորտներուն մէջ աշխատիլը ուղղակի վայելք պէտք է ըլլայ… տեղ մը, ուր կրնաս ամբողջականօրէն նուիրուիլ:
Իսկապէս առանձնաշնորհում է այս օրհնուած ասպարէզներուն մէջ աշխատիլը:
Շնորհկ մըն է այս օրհնութիւն ընծայված Պարգեւ մեր շատ սիրելի
105 տարեկան ԱՍՊԱՐԷԶ Օրաթերթին, Հայ Ժողովուրդին Պատիւ
է իր Հրատարակութեամբ ներշնչում կը բերէ Գաղափարի զարգածման Առնչռւթեամբ, Մեր Նոր Սէրունդին Ապագային պատրաստ Գիտութեան Արխիւներ, ԿԷՑՑԷ ՆՈՐ ՍԷՐՈՒՆԴԸ ՄԵՐ
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԿԵՐՏՈՂՆԵՐԸ ԱԶԱՏ ԱՆԿԱԽ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ։