
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Մայիս 4ին, Հայկական ոսկրածուծի հիմնադրամին ի նպաստ դրամահաւաք-քայլարշաւ մը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի մէջ:
Արձանագրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 9ին ու պիտի շարունակուին մինչեւ ժամը 10, իսկ 5 քլմ. քայլարշաւը պիտի սկսի ժամը 10ին՝ ժամը 9:30ին տեղի ունենալիք բացման արարողութենէն ետք:
Քայլարշաւը պիտի սկսի Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցին առջեւէն:
Հիւանդանոցի հասցէն է՝ 222 Eulalia St., Glendale, CA, 91204:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 663-3609 թիւին կամ այցելել www.abmdr.am կայքը: