ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ատրպէյճան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հաշտութեան ամբողջական համաձայնագիրի մը հասնելու նպատակով՝ լուրջ ջանք թափելու. Ուրբաթ, Ապրիլ 26ին այսպէս յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:
«Համաձայն եմ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ կատարուած այն յայտարարութեան, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով յառաջընթաց չկայ», ըսած է Մամետեարով:
Ըստ անոր՝ տակաւին կան շատ հարցեր, զորս պէտք է քննարկեն հակամարտող կողմերը. անոնց շարքին են բռնի տեղահանուածներու վերադարձը եւ կարգավիճակի որոշման հարցը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.