ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնեց, որ թուրք եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ Երկուշաբթի, Ապրիլ 22ին, Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցած են՝ քննելու համար «Կապոյտ Մարմարա»ի վրայ յարձակումին ընթացքին արձանագրուած թուրք զոհերու ընտանիքներուն փոխհատուցման հարցը: Աղբիւրը նշեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի եւ Իսրայէլի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Եաքով Ամիտրորի գլխաւորութեամբ երկու պատուիրակութեանց միջեւ դռնփակ բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ:
Իսրայէլեան մամուլը գրած էր, որ սպաննուած ինը թուրքերէն իւրաքանչիւրին համար Թուրքիա մէկ միլիոն տոլար պահանջած է, իսկ Թել Աւիւ 100,000 տոլար առաջարկած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.