ԱԶՆԻՒ ՍԱՀԱԿԻ ՊՐՈՒՆՍՈՒԶԵԱՆ
Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, Մարտ 10ին տեղի ունեցաւ աննախընթաց դասախօսական ձեռնարկ մը՝ «Կրօնքի դերը Ցեղասպանութիւնը վերապրողները դարմանելու մէջ» նիւթիով:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Կրօնքի եւ քաղաքային մշակոյթի ամպիոնի տնօրէն փրոֆ. Տանըլտ Միլըր, անգլերէնով մատուցուած իր դասախօսութեան ընթացքին բծախնդրութեամբ վեր առաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը վերապրողները բուժելու գործին մէջ կրօնքի կարեւորութիւնը: Ան մասնաւորապէս կեդրոնացաւ նման արհաւիրքներու հետեւանքով հոգեմտային ցնցումներու՝ «թրոմա»ներու հետեւանքներուն վրայ՝ ըսելով, թէ այս վիճակին մէջ կը գտնուին ցեղասպանութենէն վերապրողները, որոնք իրենց հաւատքը կը կորսնցնեն կրօնքի եւ Աստուծոյ հանդէպ, որովհետեւ ականատես կ՛ըլլան դառն ու անխիղճ ոճիրներու ու կը տառապին ահռելի ու զգայացունց հոգեբանական վիճակներ՝ սպանդ, չարչարանք, առեւանգում, որոնք անմոռանալի հետքեր կը ձգեն իրենց հոգեվիճակին վրայ:
Դասախօսը յայտնեց, թէ Հայկական Ցեղասպանութենէն 100 վերապրողներու հետ հարցազրոյցներու հիման վրայ, Լոռնա Դուրեան-Միլըրի հրատարակած հատորին մէջ տիրող է վերապրողներուն դիմագրաւած սոսկալի յուզումը, անսահման վախն ու բարկութիւնը, որոնք յաճախ անցեալը մերժելու եւ անկէ փախուստ տալու կը մղեն վերապրողները, մանաւանդ՝ իրենց արժանապատուութիւնը կորսնցուցած կիներու պարագային: Դասախօսը աւելցուց, թէ այս «թրոմա»ն անկասկած փոխանցուած է նաեւ 2րդ ու 3րդ սերունդներուն, բայց ժամանակը որոշ չափով ունեցած է իր դրական դերը, այս տառապանքը նուազեցնելու գործին մէջ՝ բուժումի առաջնորդելով: Ան յիշեցուց, որ մօտաւորապէս 200 որբանոցներ հաստատած Բողոքական աւետարանիչները եւս դրական դեր ունեցած են հայ մանուկներուն, պատանիներուն եւ այրիներուն հաստատ ու հանգիստ կեանք ապահովելու գործին մէջ՝ հաւատք ու յոյս ներշնչելով աղէտեալներուն:
Ապա, փրոֆ. Միլըր խօսեցաւ Ռուանտայի ցեղասպանութեան մասին՝ ցաւալի նկատելով այն իրողութիւնը, որ մօտաւորապէս 800,000 զոհերուն գրեթէ կէսը հրկիզուած է կամ սպաննուած եկեղեցիներու մէջ: Հոն իրարու դէմ ճակատած երկու ցեղախումբերը՝ թուցիներն ու հութուները, քրիստոնեայ էին:
2001ին, փրոֆ. Միլըր եւ կինը՝ Լոռնա Դուրեան-Միլըր, հրաւիրուած են Ռուանտայի մէջ համագումարի մը, որուն կազմակերպիչը հարցեր տուած է Լոռնայի ընտանիքին մէջ վերապրողներու մասին: Միլըրի մօր ընտանիքէն միայն կէսը վերապրած է. վերապրած են նաեւ հայրը եւ հօրաքոյրը: Թրքական իշխանութիւնները փորձած են հոն եւս միջամտել:
Գալով որբանոցներու՝ Միլըր յիշեց, որ Միացեալ Նահանգներէն հայ տղամարդիկ Թուրքիոյ որբանոցները մեկնած են ու հայուհիներ փրկելու նպատակով ամուսնացած են անոնց հետ: Միլըր նաեւ անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք վերապրողներուն օժանդակելու հայկական, ամերիկեան եւ եւրոպական ջանքերուն:
Հետաքրքրական սոյն դասախօսութենէն ետք, բեմ հրաւիրուեցան Արտա եւ Տորիս Մելքոնեան քոյրերը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) դոկտորականի թեկնածուներ, որոնք խօսեցան Պոլսոյ մէջ կայացած եւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողովի մը մասնակցութեան իրենց փորձառութեան մասին՝ աւելցնելով, թէ շատեր իրենց մօտեցած են ու ըսած, թէ իրենց մեծ ծնողները հայեր եղած են ու իրենք եւս կ՛ոգեկոչեն Ապրիլ 24ը:
Ապա, փրոֆ. Միլըր նշեց, թէ ինք եւս 2003ին հրաւիրուած է Թուրքիոյ մէջ կայացած համագումարի մը, որուն նիստերէն մէկուն ընթացքին մօտաւորապէս 800 մասնակիցներէն շատերը՝ մեծամասնութեամբ թուրք ուսանողներ, բացայայտած են, թէ իրենք կէս հայ են՝ շեշտելով երկրին մէջ մտայնութիւնը փոխելու կարեւորութիւնը:
Մեծապէս գնահատելի է փրոֆ. Միլըրի մասնագիտական ու հայաշունչ դասախօսութիւնը, եւ շատ աւելի գնահատելի՝ իր հայ կնոջ՝ Լոռնա Դուրեան-Միլըրի մասնակցութիւնը, զոյգին անխոնջ աշխատանքը ու նուիրումը հայ ժողովուրդին: Պէտք է յիշել, որ դոկտ. Միլըր հեղինակն ու խմբագիրն է 9 հատորներու:
Դաստիարակչական յանձնախումբը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ փրոֆ. Տանըլտ Միլըրի եւ Լոռնա Դուրեան-Միլըրի, եւ անոնց կը մաղթէ նորանոր յաջողութիւններ: