
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստանում հասարակութեան համար յուշարձանների եւ պատմական վայրերի միջազգային օրն այնքան էլ կարեւորուած չէ», դիտել տուած է հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող նախագահ, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանը 18 Ապրիլին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։ «Ես շատ ուրախ եմ նրա համար, որ յուշարձաններն ու պատմական արժէքներն այնքան գնահատուած են աշխարհի կողմից, որ նոյնիսկ դրանց նուիրուած միջազգային օր կայ, սակայն ցաւով ուզում եմ նշել, որ մեր հասարակութեան համար այդ օրուայ կարեւորութիւնն այնքան էլ չի նկատւում», նշած է ան:
Կարապետեան դժգոհութիւն յայտնած է հայկական յուշարձաններու վիճակէն, զանոնք պահպանելու իմաստով ցուցաբերուած կեցուածքէն՝ դիտել տալով, որ այդ բոլորին պատասխանատուութեան մեծ բաժին ունի նաեւ մեր հասարակութիւնը։ Յուշարձանագէտին համաձայն, Հայաստանի մէջ բոլոր յուշարձանները առանձին հոգածութեան կարիք ունին. կառավարութիւնը պէտք է աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնէ յուշարձաններու վերականգման աշխատանքներուն եւ վերականգնելու ճիշդ մեթոտներ կիրարկել տայ: Ըստ անոր, որեւէ վերականգնուող յուշարձան պէտք է վերակառուցուի նոյն եղանակով, ինչպէս որ ժամանակին կառուցուած է: «Այս հանգամանքին ուշադրութիւն չեն դարձնում, սակայն սա շատ կարեւոր է, քանի որ վերականգնումը նոյն եղանակով չիրականացնելու դէպքում՝ խախտւում է յուշարձանի սէյսմակայանութիւնը», ըսած է ան։
18 Ապրիլը յուշարձաններու եւ պատմական վայրերու միջազգային օրն է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պաշտպանութեան հարցերով միջազգային խորհուրդին կողմէ ճշդուած է 1982ին։ Տօնին կարգախօսն է. «Պահպանե՛նք մեր պատմական հայրենիքը»:
Անոր նպատակն է հասարակութեան ուշադրութիւնը սեւեռել իրենց պատմութեան եւ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղել՝ հոգատարութեամբ վերաբերելու նախկին սերունդներէն փոխանցուած ժառանգութեան:
Սամուէլ Կարապետեան դիտել տուած է, որ հայերը նախնիներէն մնացած մշակութային արժէքները չեն գնահատեր, այդ պատճառով ալ ան կը փափաքէր գէթ 5 վայրկեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար ըլլալ, որովհետեւ իբրեւ նախարար իր առաջին քայլը պիտի ըլլար հրահանգիլ հանրակրթական բոլոր դպրոցներու տնօրէններուն՝ երեխաները արշաւներու տանելու դէպի յուշարձաններ եւ պատմամշակութային վայրեր։
«Ուրախ եմ, որ տարուայ մէջ մի օր նուիրել են յուշարձանների խնդրին, բայց թէ մեր հասարակութիւնում որքանով է դա կարեւոր, ես, յամենայնդէպս, չեմ զգացել», ըսած է ան։
«Մենք տնտեսական պատճառներով չե՞նք արտագաղթում, դա կեղծիք է, 40 տոկոսը արտագաղթելու ցանկութիւն ունի, քանի որ մենք ամենանուազ հայրենաճանաչ հասարակութիւնն ենք: Նրանք, ովքեր արտագաղթում են, մեծագոյն մասն աւելի վատ վիճակում է ապրում, քան ապրում են հայրենիքում: Իսկ այս ամէնի հիմքը կրթական համակարգում է», յայտնած է ան։
Սամուել Կարապետեանի համաձայն, հայ երեխաները հայկական երգերու, արժէքներու առկայութեամբ եւ այդ մթնոլորտին մէջ հասակ չեն նետեր, այդ պատճառով ալ այս բոլորին արժէքը չեն գիտեր, այդ պատճառով է նաեւ, որ մեր յուշարձաններուն մեծագոյն մասը վատ վիճակի մէջ է: Ան դիտել տուած է, որ հայրենիքը լաւապէս ճանչցող հայ անհատ մը չի կրնար լքել զայն։
Անդրադառնալով յուշարձաններու պահպանութեան խնդիրներուն՝ ան նկատել տուած է, որ ատիկա միայն նիւթականի առնչուած չէ, երբեմն նոյնիսկ պէտք եղած ներդրումը ընելով կարելի չ՛ըլլար դրական արդիւնքի հասնիլ։ «Օրինակ՝ Հաղարծին հասնելու համար մի քանի կմ. աղբանոցի միջով ենք անցնում», յայտնած է ան։