
ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ահմետ Տաւութօղլուի միջեւ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն աւարտին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ ապահովական կացութիւնը ամբողջ շրջանին վրայ կ՛ազդէ՝ նշելով, որ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելը լաւագոյն ընտրանքը պիտի ըլլայ:
Լաւրով ըսաւ. «Պէտք է ընդդիմութեան գործողութիւնները դադրեցնել. պէտք է զէնքերը վար դնել եւ ժողովրդավարական փոխանցման հոլովոյթին անյապաղ սկսիլ: Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը պէտք չէ առաջնահերթութիւն ըլլայ, եւ եթէ այդպէս է՝ ապա ատիկա բազմաթիւ անմեղ զոհերու պատճառ պիտի դառնայ»: Լաւրով նաեւ դիտել տուաւ, որ Տաւութօղլուի հետ քննարկած է սուրիական ընդդիմութեան եւ վարչակազմին միջեւ երկխօսութեան վերաբերող հարցեր՝ աւելցնելով. «Արծարծեցինք այն հարցը, որ Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր դերակատարները պէտք է սուրիական տագնապին շուրջ Ժընեւի համաձայնութեան գործադրման ու նախ եւ առաջ՝ սուրիական ընդդիմութեան գործողութիւններու կասեցման կարելիութիւնները քննարկեն»:
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ «Սուրիոյ բարեկամներ»ու ժողովը Ժընեւի համաձայնութեան համահունչ ըլլայ: Այդ ժողովին մասնակից լաւ կողմեր կան, սակայն վատ տարրերը գերիշխող են», ըսաւ ան՝ նշելով, որ սուրիական ընդդիմութեան մէկ մասը այդ ժողովէն լուսանցքայնացուած է:
Իր կարգին, Տաւութօղլու պնդեց, որ «սուրիական տագնապը մեծապէս կ՛ազդէ Թուրքիոյ վրայ», եւ թէ «սուրիական տագնապը կը շարունակուի վարչակարգին բրտութեան պատճառով»:
Նաեւ, «Վրեմիա»ն, յղում կատարելով ՄԱԿի մարդասիրական կազմակերպութիւններուն՝ հաղորդեց, որ ՄԱԿը յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն, կրնայ դադրեցնել սուրիական տագնապէն տուժածներու օգնութեան տրամադրումը: «Պահանջները կ՛աւելնան, մինչ մեր կարելիութիւնները կը սպառին», կը նշուի ՄԱԿի հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Թունուզ հաստատուած արեւմուտքցի դիւանագէտ մը «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Քաթար Թունուզի վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի վերջինս իր մայրաքաղաքին մէջ գործող Սուրիոյ դեսպանատունը սուրիական ընդդիմութեան յանձնէ: