ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- «Այսօր, երբ կը յիշատակենք ազգի ու հաւատքի պաշտպանութեան համար 1915ին ինկած հայութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակները, կը յիշենք նաեւ բոլոր անոնք, որոնք պատմութեան մէջ նմանօրինակ վայրագութեանց զոհ գացած են։ Այսօր, մենք նաեւ կը վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը եւ պարտականութիւնը՝ շարունակելու համար մարդկութեան մօտ զգօնութիւն արթնցնելու եւ պատմական իրականութեանց նկատմամբ իրազեկութիւն ստեղծելու մեր ճիգերը։ Մեր միացեալ գործը, աննահանջ վճռակամութիւնն ու ուժգին հնչող աղօթքներն ու ձայները վստահաբար մեզ պիտի առաջնորդեն դէպի արդարութիւն. անկէ ետք միայն մեր նահատակներուն հոգիները հանգիստ պիտի գտնեն», աղօթեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Երկուշաբթի, Ապրիլ 15ին, Սաքրամենթոյի մէջ, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի յատուկ նիստի բացման պահուն:
Համաձայն տարիներու աւանդութեան, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը Երկուշաբթի օր իր նիստը յատկացուցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման։ Հայ Դատի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբի համաատենապետ Նորա Յովսէփեան եւ ծառայողներ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հայորդիներ Սաքրամենթօ ժամադրուած էին՝ մասնակից ըլլալու համար յիշատակումին։ Առաջնորդ սրբազանի կողքին ներկայ էր Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեան։
Հայ Դատի նուիրեալներ հանդիպումներ ունեցան նահանգային Ծերակոյտի եւ նահանգային խորհրդարանի անդամներուն հետ՝ ծանօթացնելու համար Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւններն ու յիշեցնելու հայութեան պահանջատիրութիւնը։
Առաջնորդը կատարեց Ծերակոյտի նիստին բացման աղօթքը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ առիթ ընծայած է նահանգի ներկայացուցիչներուն հետ յիշատակելու Ցեղասպանութիւնը՝ պատմական ոճիրին 98րդ տարեդարձին առիթով։ «Փառք եւ շնորհակալութիւն Ամենակալին, որ մեզի ընծայեց Ցեղասպանութեան 98րդ տարեդարձը Ծերակոյտի անդամ բարեկամներու հետ նշելու առիթը», ըսաւ սրբազանը, որ նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ընտրեալ պաշտօնատարներուն, «որոնք հաւատարմօրէն ու խիզախ կերպով կը կանգնին մեր կողքին՝ մարդկային իրաւունքներու, արժանապատուութեան եւ համայն մարդկութեան համար արդարութիւն հետապնդելու միացեալ պայքարի ճամբուն վրայ։ Շնորհակալութիւն նաեւ Ցեղասպանութեան զոհերը ամէն տարի յիշատակելու Ծերակոյտին սոյն նախաձեռնութեան համար։ Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ Ծերակոյտի անդամներուն շնորհէ քաջառողջութիւն, երկար կեանք եւ յաջողութիւն՝ վերելքին համար մեր այս նահանգին, զոր որդեգրած ենք իբրեւ մեր տունը»։
Իր աղօթքին մէջ, առաջնորդը խնդրեց Աստուծմէ, որ «մեզի նեցուկ ու հովանի ըլլայ՝ մինչ կը մօտենանք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, մեզի շնորհէ մեր պահանջատիրական երթը աննահանջ շարունակելու կենսունակութիւնը՝ յաղթահարելու համար մեր դիմաց կանգնող խոչընդոտները եւ իրականացնելու մեր վախճանական նպատակները»։
«Կը խնդրենք, որ իմաստութիւն պարգեւես աշխարհի ղեկավարներուն ու բոլորիս, որպէսզի միշտ խօսինք, մտածենք ու գործենք այնպէս, ինչպէս ճշմարիտ ու արդար կը նկատես Դուն։ Մեզ հեռու պահէ չար մտածումներէ, չարախօսութենէ եւ վատ արարքներէ, եւ ողորմէ մեզ», աղօթեց ան եւ եզրափակեց՝ խաղաղութիւն ու հանգիստ խնդրելով նահատակներու հոգիներուն համար։
Ծերակոյտն ու խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրեցին SRJ2 բանաձեւը, որ կը վերահաստատէ Ցեղասպանութեան խորհրդարանի ճանաչումը։
Նահանգային խորհրդարանի զոյգ ժողովները նաեւ միասնաբար որդեգրեցին Ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 2 բանաձեւը՝ ներկայացուած հայազգի խորհրդարանականներ Խաչօ Աչաճեանի եւ Ատրին Նազարեանի կողմէ։ Բանաձեւը ճանաչում կու տայ 1915էն 1923 տարիներուն տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան եւ կը պահանջէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսէն ու հանրապետութեան նախագահէն, որ պաշտօնապէս ճանչնան Ցեղասպանութիւնը եւ հետեւողականօրէն վերահաստատեն ճանաչման կեցուածքը։
Յուզիչ քայլով մը, Ծերակոյտը այնուհետեւ դադրեցուց իր նիստը՝ ի յարգանս տիրամայր Մարի Մարտիրոսեանի, որ իր մահկանացուն կնքած էր չորս տարի առաջ ճիշդ նոյն օրը՝ Ապրիլ 15ին։ Ծերակուտական Քեւըն տը Լիոն, յանուն Ծերակոյտի իր պաշտօնակիցներուն, առաջնորդին յանձնեց տիրամայր Մարի Մարտիրոսեանի յիշատակին յարգանք արտայայտող յայտարարագիր մը։
Նիստէն ետք, պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ հիւրընկալութեամբ խորհրդարանի անդամներէն Խաչօ Աչաճեանի, Ատրին Նազարեանի եւ ծերակուտական Քեւըն տը Լիոնի։ Առաջնորդը կատարեց ընդունելութեան բացման աղօթքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.